Մարուան Շարպել Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Համախոհական Կառավարութիւն Մը
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց կազմելու համախոհական կառավարութիւն մը, որպէսզի ան բարելաւէ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:
Շարպել անհրաժեշտ նկատեց, որ այդ կառավարութիւնը կազմուի ամէնէն մօտիկ ապագային` աւելցնելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է քաղաքականութեան:
Միւս կողմէ, Շարպել նշեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ իր կողմէ ստանձնուելու որոշումը կը պատկանի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
CATEGORIES Լիբանանեան

