Էօզեըլտըզ. «Առեւանգուած Լիբանանցիներու Հարազատներուն Ցաւը Կը Հասկնանք Եւ Կ՛աշխատինք Օժանդակել Առեւանգեալներուն Ազատ Արձակման»

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Սայտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ:

Մաժտալիունի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները կը հասկնան առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներուն հակազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց յուսախաբութիւնը եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այդ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման համար: Ան հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ իրենք կը խոչընդոտեն առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին հոլովոյթը:

Թուրք դեսպանը յայտնեց, որ ինք Պահիա Հարիրիի հետ քննարկած է նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանան-Թուրքիա մշակութային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, նշենք, որ շաբաթավերջին Էօզեըլտըզ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ցարդ ոչ մէկ նորութիւն կայ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին վերաբերեալ:

Ան մաղթեց, որ անոնք շուտով ազատ արձակուին` ընդգծելով, որ թրքական իշխանութիւնները կառչած պիտի մնան մարդասիրական այդ թղթածրարին անմիջական լուծումին:

 

Share this Article
CATEGORIES