Միքաթի. «Փտածութեան Հարցը Կարելի Է Լուծել Միայն Քաղաքական Բարեկարգումներ Իրագործելով»

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կարելի է յաջողցնել միայն քաղաքական բարեկարգումներ իրագործելով:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի պարագային կան կարգ մը մարզեր, որոնք կարիք ունին քաղաքական բարեկարգումի եւ քաղաքական ուժերէն անջատուելու ու պետականութեան վերադառնալու:

Միքաթի շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն, որ փտածութեան դէմ պայքարի նոր ձեւեր ու միջոցներ որդեգրուին:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմի 38-ամեակին առիթով Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն հեռու մնալու համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններ հրահրող եւ սադրանքներ նախապատրաստող յայտարարութիւններէն ու բառամթերքէն` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ միւսը ջնջել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES