«Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեմ Բոլոր Անոնց, Որոնք Խոստացան Օժանդակել Ինծի` Ազգային Շահերու Կառավարութեան Կազմութեան Համար» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք զօրակցութիւն յայտնած են իրեն` կառավարութեան կազմութեան առումով:
«Ձեր զօրակցութիւնը զիս հպարտ կը դարձնէ եւ կը մղէ, որ իմ ստանձնած պարտականութեանս մէջ աւելի պատասխանատու զգամ եւ յաւելեալ տուեալներ ունենամ` դիմակայելու ազգային այս հսկայ մարտահրաւէրը:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք խոստացան օժանդակել ինծի` ազգային շահերու կառավարութեան կազմութեան համար», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

