Նախագահ Սլէյման Կը Դատապարտէ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նշեց, որ թշնամի Իսրայէլը տակաւին կը շարունակէ սպառնալ Լիբանանի դէմ, ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործելով ոտնձգութիւններ կը գործէ լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան թիւ 1701 բանաձեւին դէմ:
Միջազգային ընտանիքը եւ Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է յանձնառու մնան Լիբանանի եւ շրջանին ապահովական կայունութեան եւ Իսրայէլի դէմ ճնշումներ բանեցնեն` վերջ տալու համար իր գործած բռնարարքներուն:
«Պէտք է համոզուիլ, որ ո՛չ խաղաղութիւն եւ ո՛չ ալ կայունութիւն կարելի է ապահովել, առանց շրջանին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին մասնակցելու` Մատրիտի խորհրդաժողովին եւ 2002-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Արաբական վեհաժողովին հիման վրայ», նշեց նախագահ Սլէյման:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը խստիւ դատապարտեց Հերմելի Քասըր գիւղաքաղաքին դէմ ռմբակոծումը, որուն պատճառով զոհուեցաւ քաղաքացի մը եւ արձանագրուեցան վիրաւորներ:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց կասեցնելու այս բռնարարքները, որոնք զոհեր կը պատճառեն այն քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ, որոնք այլոց տագնապներուն հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին:
Նախագահ Սլէյման Լիբանանի ենթարկուած ռմբակոծումին մանրամասնութիւնները հետապնդեց ներքին գործոց նախարարութեան եւ բանակի հրամանատարութեան հետ:

