Բագրատունի Տեսակցեցաւ Շուէտացի Երեսփոխաններու Հետ
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Շուէտի ներկայացուցիչ Օլէ Շմիտի եւ Շուէտի խորհրդարանի անդամ Կիւլըն Աւչիի հետ: Անոնք կը գտնուին Լիբանան` մասնակցելու համար ազատական կուսակցութիւններու միջազգային համագումարի մը:
Երեսփոխան Բագրատունի մանրամասն կերպով ներկայացուց Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ երկիրը տագնապեցնող հարցերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ կացութեան` շեշտելով հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնն ու արտաքին ուժերու զինական օժանդակութիւններու դադրեցումը, ինչպէս նաեւ անմիջական կերպով արիւնահեղութեան կասեցումը: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ միջազգային ուժերը կանխարգիլեն ծայրայեղութեան եւ արմատականութեան խորացումը եւ երկիրը փրկեն յաւելեալ քանդումէ եւ հաւանական բաժանումէ: Ան շեշտեց նաեւ, որ միջազգային ներկայ իրադրութեան մէջ, եւրոպական կարգ մը երկիրներ, ինչպէս Շուէտ, մեծ դերակատարութիւն կրնան ունենալ հարցերուն բարւոք լուծում բերելու կապակցութեամբ:
Խօսակցութիւնը ընթացաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Շուէտի խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւին մասին: Երեսփոխան Կիւլըն Աւչի եղած է ջերմ պաշտպաններէն այս բանաձեւի որդեգրման առնչութեամբ: Այս առիթով անհրաժեշտ նկատուեցաւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու դատի ճանաչման եւ ոճրագործներու պատժման ուղղութեամբ յաւելեալ ճիգեր ներդրել:

