Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Վրաստանի Եւ Չեխիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ ուրբաթ օր ընդունեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէն:

Հանդիպման ընթացքին Մայա Փանճիքիծէ եւ Էդուարդ Նալբանդեան Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերը, ինչպէս նաեւ հայ-վրացական պետական սահմանին սահմանագծման ու սահմանազատման յանձնախումբին կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիին` Վրաստանի մէջ գտնուող հայկական յուշակոթողներուն նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան եւ անոնց վերականգնման աջակցելու պատրաստակամութեան համար:

Զրուցակիցները քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ մշակոյթի, կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ համագործակցութեան խորացման, տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ այդ մարզերուն մէջ առկայ մեծ ներուժը լիարժէքօրէն օգտագործելու կարելիութիւնները: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանային խնդիրներուն, Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց նաեւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Չեխիոյ առաջին փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Քարել Շուարցենպերկը:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին Հայաստանի եւ Չեխիոյ միջեւ յարաբերութիւններու եւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, որուն վկայութիւնն է Երեւանի եւ Փրակայի մէջ Չեխիոյ եւ Հայաստանի դեսպանութիւններու հիմնումը, համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ եւ աշխուժացած յարաբերութիւնները միջխորհրդարանական մակարդակի վրայ:

Երկու կողմերը անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու ընդլայնման կարելիութիւններուն` կարեւոր նկատեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը: Ըստ անոնց, ասոր մեծապէս կրնան նպաստել գործարար համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ յաճախակի հանդիպումները: Զրուցակիցները յոյս յայտնեցին, որ այս օրերուն Երեւանի մէջ սկսած հայ-չեխական գործարար համաժողովի շրջագիծին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները լուրջ կարելիութիւններ կ՛ընձեռեն կողմերուն` բարձրացնելու առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները, մշակելու եւ իրականացնելու միացեալ գործարար ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ խթանելու ներդրումները:

Հանդիպման ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններէն բացի, անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, Փրակայի մէջ սկիզբ առած Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին ու շրջանի զարգացումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES