Հայ Ազգային Քոնկրես Կուսակցութեան Հիմնադիր Համագումարին Ելոյթ Ունենալով` Ռուստամեան Ընդգծեց Երեւանի Մէջ Ընդդիմութեան Իշխանութիւն Հաստատելու Անհրաժեշտութիւնը
Շաբաթ, 13 ապրիլին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեան անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութեան հիմնադիր համագումարը, որուն հրաւիրուած էին աւելի քան 1200 պատուիրակներ:
Համագումարին առաջինը ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Ան յիշեց, որ Հայոց համազգային շարժման ընթացքը կը շարունակուի եւ Հայ ազգային քոնկրեսը իր համագումարը կը գումարէ: Ուստի ինք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով ողջունեց բոլոր ներկաները:
«Այս համագումարը կարեւոր ժամանակաշրջանի մը ընթացքին տեղի կ՛ունենայ: Ընթացող ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական լրջագոյն գործունէութիւններու մէջ: Ես վստահ եմ, որ կարեւորագոյն որոշումներ կը կայացնէք, անոնք ալ կ՛օգնեն յաղթահարելու մեր երկրին արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներուն պատասխանելու համար:
«Մէկ տարի չկայ, որ միասին կ՛աշխատինք, բայց վստահ եմ, որ մեր համագործակցութեան շնորհիւ պիտի կարենանք երկրին մէջ իրավիճակը փոխել` անկախ մեր տարակարծութիւններէն: Երկուքս ալ համոզուած ենք, որ այսպէս այլեւս անկարելի է: Արնաքամ կ՛ըլլայ մեր ժողովուրդը, ուստի պէտք է կարենանք միասին մեր ժողովուրդը վերադարձնել հայրենիք: Ես վստահ եմ, որ այդպիսի համագործակցութեան բոլոր հիմքերը կան», նշեց Արմէն Ռուստամեան` շարունակելով, որ առաջին համագործակցութեան առիթը աւագանիի ընտրութիւններն են` միասնական դիրքորոշումներով կարելի է հասնիլ անոր, որ Երեւանի մէջ հաստատուի ընդդիմութեան իշխանութիւն:
Ռուստամեանի համոզումով, եթէ ասիկա յաջողի, ապա ընդդիմութեան մէջ գործող որեւէ ուժ եւ ընդդիմութիւնը ինքնին պիտի զօրանան, ընդդիմութիւնը առիթ պիտի չունենայ ցոյց տալու` ինչպէս կրնայ մայրաքաղաքին մէջ իշխանութեան հասնիլ, հասնիլ աւելի արդիւնաւէտ կառավարման: Ասիկա, Ռուստամեանի կարծիքով, առաջին մեծ մարտահրաւէրն է:
«Մենք յայտարարած ենք յետընտրական դաշինքի մասին: Ուրախ եմ, որ Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութիւնը ատիկա կարեւոր նկատեց: Եթէ մէկ անգամէն կարելի չըլլայ ընտրել ընդդիմադիր քաղաքապետ, ապա ատիկա կ՛ընենք` աւագանիներուն մէջ միասին աշխատելով: Մեծ կարելիութիւն կայ օգտագործելու այդ ամէնը», եզրափակեց Արմէն Ռուստամեան:

