Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Սէյրան Օհանեանը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 ապրիլին ընդունեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:
Հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Երկուստեք նշուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութիւնը կը հանդիսանայ շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւոր պայմաններէն մէկը:
CATEGORIES Հայկական

