Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կրնայ ըլլալ, որ օրը չունենայ ձեր նախընտրած կշռոյթը, բայց պէտք չունիք տրտնջալու: Ժապաւէն մը դիտեցէք շարժանկարային հաճելի պատմութիւն փոխանցող, բարելաւեցէք ձեր տրամադրութիւնը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր խօսքերուն մէջ պիտի ունենաք յստակ արտայայտութիւն: Եթէ ունիք մտաւորականի խառնուածք, ձեր խօսքերը պիտի նկատուին նաեւ պերճախօսի միտքերու փոխանցում: Արդիւնաւէտ է ձեր օրը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընդունեցէք ձեզի ուղղուած շինիչ քննադատութիւնները, կ՛օգտուիք: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք հանդիպումներ` կարեւոր անձերու հետ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեզի կը պակսի ապահով զգալու փոքր հարց մը, որ կարեւոր չէ աշխատանքի պարագային: Բայց ջանացէք այս փոփոխութիւնը մոռնալ, ուրիշներէն սորվեցէք տարբերութիւնները յստակացնելու կեցուածքը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Իւրաքանչիւր խնդիր ունի իր լուծումը, բայց երբ խնդիրը կը բարդանայ եւ «գլուխ կոտրելու» հարց ստեղծուի, այն ատեն պիտի ապաւինիք ժամանակ հասկացողութեան բարիքին, որպէսզի լուծէ նոյն խնդիրը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարեկամ մը պիտի օգնէ ձեզի կազմակերպական խնդրի մը կարգադրութեան: Այնուհետեւ դուք կրնաք շարունակել եւ կարգադրել ձեր հարցը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր ասպարէզին մէջ տեսնուած փոփոխութեան կամ նոր երեւոյթի մը: Այս պարագային պէտք է յանդգնութիւն ունենալ եւ անվախ որոշումներ տուէք: Կրնաք յառաջդիմել:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պէտք է կեդրոնանաք որոշ աշխատանքի պարագային: Ասիկա թէեւ դիւրին չէ, բայց պէտք է կատարէք, որպէսզի գտնէք յաջողութեան ճամբան:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լաւատեսութեամբ պիտի սկսիք օրը, եթէ հակառակը ընէք, ոչինչ կը շահիք: Լաւատեսութեամբ կ՛ապաւինիք ապագային: Յոռետեսը հիւանդ մըն է պարզապէս:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անտրամադիր էք, նախատեսելու դժուարութիւն ունիք: Ջանացէք անհիմն միտքերը հեռացնել ձեզմէ: Ապաւինեցէք ձեր աշխատանքին եւ ուրախ եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի կարենաք ինքնաքննարկումով մը հաստատել, որ ունիք կարողութիւնը լաւագոյնը իրագործելու, դուք ձեզ լաւ ճանչնալու: Ինքնավստահ եղէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դիւրահաւան ըլլալը այնքան ալ օգտակար չէ: Անմիջապէս մի՛ հմայուիք ոեւէ մէկէ, եթէ զայն լաւ չէք ճանչնար: Իմաստութիւնը կրնայ օգնել ձեզի: Դուք ձեզ լաւ ճանչցէք:

Share this Article
CATEGORIES