50 Տարի Առաջ (16 Ապրիլ 1963)

Ս. Զատկի Տօնը Լիբանանի Մէջ

Ս. Զատկի տօնը այս տարի արտակարգ ջերմեռանդութեամբ տօնուեցաւ ամբողջ Լիբանանի մէջ:

Նախընթացը չունեցող խուռներամ հաւատացեալներով լեցուն էին մեր եկեղեցիները իրենց շրջափակերով:

Բացառիկ երեւոյթ մը արդարեւ, որ երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներէն սկսելով, աստիճանաբար, աւելի սիրով եւ անխզելի կապով մը մօտեցուց աւանդապահ հայ ժողովուրդը եկեղեցիին:

Գոհացուցիչ եւ ուրախալի տպաւորութիւն մը թողուց մանաւանդ, ժամեր տեւող կանոնաւոր կարգապահութեամբ եւ խոր հաւատքով, Ս. հաղորդութիւն ստացող բազմահազար հաւատացեալներու, մեծ մասամբ` երկսեռ երիտասարդներու անհամար թիւը:

Շաբաթ, 13 ապրիլ, յետմիջօրէին, Ճրագալոյցի Ս. պատարագէն ետք, սկսաւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը: Շատեր, ընտանեկան յարկերէն ներս, մինչեւ ուշ գիշեր, մինչեւ արշալոյս տօնեցին Ս. Յարութիւնը:

Դպրաց երգեցիկ խումբեր, թաղէ թաղ, տունէ տուն, շրջապտոյտ կատարելով, աւանդութիւն դարձած տպաւորիչ ու անուշ երգեցողութեամբ Ս. Յարութեան շարականներ երգեցին. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:

Մթնշաղէն առաջ եկեղեցիներու զանգակները սկսան ղօղանջել եւ տօնական օրերու զգեստաւորումով շքեղացած, մեծն ու պզտիկը, բոլորը, ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ եկեղեցի փութացին:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապ կիրակի օր ներկայ գտնուեցաւ Պուրճի մարոնի համայնքի Ս. Գէորգ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագին:

Նախագահը իր անցքի ամբողջ ընթացքին ժողովրդային խանդավառ ընդունելութեան եւ զինուորական պատիւներու արժանացաւ: Ճամբաները դրօշազարդուած եւ նկարազարդուած էին լիբանանեան դրօշներով եւ նախագահին նկարներով: Բազմաթիւ յաղթական կամարներ կանգնեցուած էին:

Երկուշաբթի, նոյն խանդավառ ընդունելութեամբ, նախագահը նախ ներկայ գտնուեցաւ յոյն ուղղափառներու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագին, ապա յոյն կաթողիկէ համայնքի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագին:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պատարագեց Ճեզիրէի հայոց առաջնորդ տաճատ արք. Ուրֆալեան, սրբազան հօր կը սպասարկէին Սուրէն աբղ. Քաթարոյեան եւ Բաբգէն աբղ. Թօփճեան:

Նոր Մարաշի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Արտաւազդ վրդ. Թրթռեան: Մսայթպէ-Մազրաայի եկեղեցիին մէջ պատարագեց Վարդան վրդ. Տեմիրճեան եւ Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ պատարագեց Մեսրոպ աբղ. Աշճեան:

Բոլոր եկեղեցիներու մէջ Ս. պատարագները տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններով եւ քառաձայն ու միաձայն երգեցողութեամբ:

Օրուան խորհուրդը պատգամող հոգեշունչ քարոզներ խօսեցան պատարագիչ սրբազանը, հայր սուրբերն ու քահանայ հայրերը:

Անթիլիասի միաբաններէն Տրդատ վրդ. Քէշիշեան Շթորա, Մաշտոց եղբ. Յովսէփեան Քեսապ եւ Եզնիկ աբղ. Բալայեան Դամասկոս մեկնեցան պատարագելու եւ քարոզելու:

Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ միաբան հայրեր շնորհաւորական այցելութիւնները ընդունեցին պետական եւ յարանուանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ ազգայիններու:

Սրբազան հայրը եւ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան, փոխադարձաբար, շնորհաւորական այցելութիւններ կատարեցին:

Հայ կաթողիկէ համայնքի եկեղեցիները նմանապէս լեցուն էին հաւատացեալներով: Ս. Գրիգոր-Ս. Եղիա աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ հայերէն ու արաբերէն լեզուներով քարոզեց Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան կաթողիկոս-պատրիարք:

Հանդիսաւոր Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն, եկեղեցւոյ երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Յակոբ վրդ. Ղարիպեանի:

Հայ Աւետարանական համայնքի եկեղեցիները նոյնպէս լեցուն էին հաւատացեալներով: Վերապատուելի եւ պատուելի հովուապետներ աւուր պատշաճի քարոզներ խօսեցան:

***

Երկուշաբթի, 15 ապրիլ, յիշատակ մեռելոց: Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ:

Խուռներամ բազմութիւն մը լեցուց Ֆըրըն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուները:

Կարգապահութիւնը կատարեալ էր:

Ամէն ոք, սրտահար կսկիծով եւ արցունքը աչքերուն, յարգեց յիշատակը իր հեռու եւ մօտ ննջեցեալին:

Գերեզմանօրհնէքը դարձեալ տեղի ունեցաւ Անդաստանի նմանողութեամբ եւ մասնակցութեամբ բոլոր քահանայ հայրերու:

Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ, Գարեգին վրդ. Սարգիսեան քարոզեց` մխիթարելով սգաւոր հաւատացեալները:

 ***

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպած Ս. Զատկի աւանդական հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 ապրիլ 1963, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Անդամներ եւ համակիրներ բոլորուեցան սեղաններու շուրջ:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Գործադրուեցաւ տեղւոյն վրայ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը: Շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ: Խանդավառ ծափերու արժանացաւ Վասպուրականի պարախումբը իր հայկական պարերով, ընկերակցութեամբ Խանճեան եղբայրներու նուագախումբին:

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, իւրայատուկ ապրումով եւ տպաւորիչ ընթերցանութեամբ, հայ ժողովուրդին չարչարանքն ու յարութիւնը պատգամող հատուածները կարդաց նոր ստացուած Հայաստանի գրողներու ստեղծագործութիւններէն:

Ս. Նշանի դպրաց խումբը ապրումով երգեց «Երբ որ բացուին»-ը, եւ հանդիպումը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» խմբերգով:

Share this Article
CATEGORIES