Այցելութիւն` Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» Վարժարան
Շաբաթ, 13 ապրիլ 2013-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարան այցելեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան վարժարանի դիմագրաւած դժուարութիւնները, արեւմտահայ լեզուի պահպանման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ կատարուեցան կարգ մը պատկերացումներու վերաբերեալ:
Ապա, այցելելով մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդականի կառոյցները, ան այնտեղ գտաւ լոկ հայկական ու աշակերտական ստեղծագործական մտքի բուրմունք ու խօսուն պատերու ամուր եւ հաստատ տոհմային ժառանգական նկարագիրի արտացոլում:
Վարժարանի ընտանիքին անունով դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին փոխանցուեցաւ «Մուսա լեռ» տարեգիրքը` անոր մաղթելով նոր նուաճումներ` իր ստանձնած պատասխանատու առաքելութեան մէջ:
Իր կարգին, դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան գնահատեց վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան ընծայուած ճիգն ու հետեւողականութիւնը` խոստանալով նեցուկ կանգնիլ այս կրթօճախի գոյատեւման եւ զարգացման հոլովոյթին:ժառանգական նկարագիրի արտացոլում:

