Այցելութիւն` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Իր այցելութեան ծիրին մէջ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան` Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, 11 ապրիլ 2013-ին այցելեց Ազգ. Մանուկեան քոլեճ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան կրթական ու հայեցի դաստիարակութեան առնչուած հարցեր. Ռ. Փանոսեան ներկայացուց Կիւլպէնկեան հաստատութեան ծրագիրները:

Հանդիպման աւարտին, հիւրերը շրջեցան քոլեճին մէջ, այցելեցին դասարանները ու հանդիպումներ ունեցան աշակերտներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES