Հաղորդագրութիւն
9 ապրիլին Ազգային առաջնորդարան այցելեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին սրբազան հայրը տեղեկութիւններ փոխանցեց սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ հայկական վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին: Ան յայտնեց, թէ վարժարանները գոյատեւելու, կանգուն մնալու եւ հայ սերունդներ դաստիարակելու ճամբուն վրայ զանազան մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին:
Դոկտ. Փանոսեան` բաժնելով Գեղամ արք. Խաչերեանի մտահոգութիւնը խոստացաւ յառաջիկայ տարիներուն եւս շարունակել գործակցութիւնը հայկական վարժարաններու հետ` նորանոր ծրագիրներ մշակելու յոյսով: Յայտնենք, որ դոկտ. Փանոսեան այցելեց Ազգային վարժարաններ եւ հանդիպեցաւ տնօրէններուն հետ: Ան շրջագայեցաւ վարժարաններու զանազան բաժանմունքներուն մէջ:

