ՏԱՈՒՄ ԼՔԵՑ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՓՈԽԱԴՐՈՒԱԾ ՖՐԱՆՔՖՈՐԹԸ

Քրիսթոֆ Տաում

Ինչպէս ծանօթ է, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ (Պունտըսլիկա) իր կատարած վերջին մրցումին, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք ախոյեան հանդիսացած Պորուսիա Տորթմունտէն, փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:

Ասոր ի տես, ակումբի մարզիչ Քրիսթոֆ Տաում, որ երկու ամիս առաջ ստանձնած էր իր պաշտօնը, ներկայացուց իր հրաժարականը:

57 տարեկան Տաում, որ իր կազմին հետ եօթը մրցումէ ապահովեց երկու կէտ միայն, ըսաւ. «Ֆրանքֆորթ Պունտըսլիկա իր վերադարձին պէտք է սկսի նոր մարզիչով: Շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ ակումբին եւ մարզիկներուն հետ, սակայն դժբախտաբար կու գամ ըսելու, որ պիտի հեռանամ կազմէն»:

Նշենք, որ Ֆրանքֆորթի հետ Բ. դասակարգ փոխադրուեցաւ Զանքթ Փաուլի, մինչ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ փլէյ-օֆի մրցումներ պիտի կատարէ (երթուդարձի դրութեամբ) Պոխումի հետ` 19 եւ 25 մայիսին: Մէօնշընկլատպախ հինգ անգամ հանդիսացած է Պունտըսլիկայի ախոյեան:

Տարեշրջան մը միայն Բ. դասակարգ մնալէ ետք, Հերթա Պերլին ախոյեան հանդիսացած կը վերադառնայ Պունտըսլիկա: Անոր հետ Ա. դասակարգ բարձրացաւ նաեւ 2-րդ դիրքը գրաւած Աուկզպորկ:

 

Share this Article
CATEGORIES