ՄԻՆՉ ՈՎԿԻԱՆԻԱ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖԻՖԱ-Ի ԱՅԺՄՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ. ՊԸՆ ՀԱՄՄԱՄ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՊԼԵԹԸՐԸ

Զուիցերիացի Սեփ Պլեթըր, ՖԻՖԱ-ի նախագահ վերընտրուելու այլ առիթ մը ունեցաւ, երբ Ովկիանիա պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ այժմու նախագահին` յառաջիկայ յունիսին տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն:

Ովկիանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Տէյվիտ Չանկ բոլոր անդամներուն անունով խօսք առնելով ըսաւ, որ իրենք բոլորն ալ անխտիր կը զօրակցին Պլեթըրի, որովհետեւ ան իր մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է Ովկիանիոյ մէջ ֆութպոլի յառաջդիմութեան աշխատանքին մէջ:

Յառաջիկայ 1 յունիսին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, Պլեթըր արդէն իսկ ապահոված է Հարաւային Ամերիկայի եւ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի զօրակցութիւնն ու ձայները:

Այլ գետնի վրայ, Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի քաթարցի նախագահ Մոհամետ Պըն Համմամ քննադատեց Պլեթըրը` ըսելով, որ ան առանձինը որոշում մը տալով եւ առանց ՖԻՖԱ-ի յանձնախումբին կարծիքը առնելու ՖԻՖԱ-ին սնտուկէն 20 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրած է Ինթերփոլին, որպէսզի անիկա մրցումներ «ծախողները» ձերբակալէ:

62 տարեկան քաթարցին ըսաւ, որ նմանօրինակ անձնական որոշում մը տալը կը նկատուի անընդունելի, ինչ ալ ըլլան պայմանները, որովհետեւ անիկա տեղի կ՛ունենայ անձնական քմահաճոյքի բերմամբ:

Մինչ Պըն Համմամ այս յայտարարութիւնը կը կատարէր, անդին Պլեթըր կ՛ուզէր իմանալ, թէ 2022-ի Մոնտիալին Քաթարի թեկնածութեան յաջողութեան մէջ որո՞նք են կաշառակերութեան յանցանքով ամբաստանուած անձերը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES