ԼՈՒԻՍ ԷՆՐԻՔԷ ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԱՐԶԻ՞Չ

Լուիս Էնրիքէ

Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ օրաթերթին համաձայն, շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Աթլեթիքօ Մատրիտի նոր մարզիչը ըլլայ Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Լուիս Էնրիքէ:

Անոր պայմանագրութիւնը` Պարսելոնայի Բ. խումբին հետ, կ՛աւարտի յառաջիկայ 30 յունիսին, եւ եթէ ան յաջողի համաձայնութեան գալ Աթլեթիքոյի պատասխանատուներուն հետ, պիտի նշանակուի նոր մարզիչ` այսպիսով փոխարինելով այժմու մարզիչ Քիքէ Սանչես Ֆլորեսը:

Ըստ «Մարքա»ի, կը խօսուի նաեւ երկրորդ թեկնածուի մը` Կրեկորիօ Մանսանոյի մասին:

Share this Article
CATEGORIES