ՊՈՒՍՔԵՑ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ»Ի ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Սերճիօ Պուսքեց

Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող սպանացի միջազգային միջնապահ Սերճիօ Պուսքեց, Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ կանաչ լոյս ստացաւ` իր մասնակցութիւնը բերելու յառաջիկայ 28 մայիսին Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ «Ուեմպլի»ի մարզադաշտին վրայ:

Ռէալ Մատրիտ Եու. Է. Էֆ. Ա.ին բողոք ներկայացուցած էր` ըսելով, որ Պուսքեց վերոնշեալ մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումին հայհոյած էր իր պրազիլցի յետսապահ Մարսելոյի:

Պարսելոնա բողոքած էր ըսելով, որ Պուսքեց ո՛չ հայհոյած էր եւ ո՛չ ալ կապիկ (սպաներէնով` «մոնօ») որակած էր Մարսելոն:

Կրկնուած տեսաերիզը դիտողները ըսին, որ Պուսքեց Մարսելոյի ըսած էր «մուչօ մորրօ» (շատ ջղային):

 

Share this Article
CATEGORIES