ՆՈՐՎԵԿԻԱ, ԱՆԳԼԻԱ ԵՒ ՇՈՒԷՏ «ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ»Ի ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՏՈՄՍԵՐ ՍՏԱՑԱՆ

Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ հրապարակուած ֆեր-փլէյի նոր դասաւորման մէջ առաջին երեք դիրքերը գրաւած երկիրները` Նորվեկիա, Անգլիա եւ Շուէտ, «Եուրոփա լիկ»ի յաւելեալ տոմսեր ստացան:

Անգլիոյ պարագային ֆեր-փլէյի առաջին դիրքը կը գրաւէ Չելսի: Սակայն նկատի ունենալով, որ անիկա պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»ին, անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւած Ֆուլհեմ ինք պիտի ստանայ «Եուրոփա լիկ»ին մասնակցելու այդ տոմսը:

Նոյնն է պարագան նաեւ Նորվեկիոյ եւ Շուէտի, որոնք յաջողեցան առաջին եռեակին մէջ դիրք մը ապահովել:

Եու. Է. Էֆ. Ա.ի ֆեր-փլէյի դասաւորումը կը հիմնուի Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ կազմակերպուած բոլոր տեսակի մրցումներուն հիմամբ` թէ՛ ակումբի եւ թէ՛ ազգային խումբերու մակարդակներուն վրայ, 1 ապրիլէն 30 ապրիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES