ՄԱՐԱՏՈՆԱ ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ ՈՒԱՍԸԼ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Տիեկօ Մարատոնա (աջին)

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ եւ մարզիչ Տիեկօ Մարատոնա մարզիչի նոր ասպարէզ մը պիտի սկսի Քուէյթի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան տեղւոյն կազմերէն` Ուասըլի մարզիչ նշանակուեցաւ:

Թէեւ ան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, սակայն երկու կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները պիտի փոխանցուին յառաջիկայ ամիս, երբ յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին 50 տարեկան մարզիչը ներկայացուի մարզական լրագրողներուն եւ հանրութեան:

Քուէյթի ֆութպոլի ախոյեանութեան, Ուասըլ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը` 16 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ժազիրայէն, եւ ատիկա` տարեշրջանի աւարտէն հինգ մրցում առաջ:

Ուասըլի նախագահ Մարուան Պըն Պայյատ ըսաւ, որ կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ տարեշրջանին իր կազմը ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացող թեկնածուներէն մէկը ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES