Հայաստան` Բանաստեղծութեան Եւ Ներշնչանքի Երկիրը
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշումով «Երեւանը գիրքի միջազգային մայրաքաղաք» տարի հռչակման եւ Հայ գրատպութեան 500-ամեակի տօնակատարութիւններուն իբրեւ եզրափակիչ հանդիսութիւն` այսօր` 16 ապրիլին Երեւանի մէջ կը սկսի Բանաստեղծութեան միջազգային Ա. փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 50 օտար բանաստեղծներ` 25 երկիրներէ եւ 50 հայ բանաստեղծներ` Հայաստանէն եւ Արցախէն: Սոյն պատմական հանդիպումին Լիբանանը ներկայացնելու հրաւիրուած են համաշխարհային հռչակի տէր, Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու, տաղանդաւոր բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ մտաւորական Ատոնիս, բանաստեղծ, գրող եւ կրթական մշակ Ապտօ Լապաքի եւ բանաստեղծ, արձակագիր ու թարգմանիչ Սարգիս Կիրակոսեան:
Օգտուելով առիթէն, թարգմանաբար մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք փունջ մը կարճ բանաստեղծութիւններ` քաղուած պետական պատուէրով մամուլին յանձնուած Ատոնիսի «Դամասկոսցի Միհիարին երգերը» անուն երկլեզու ծաղկաքաղէն եւ հատուածներ անցեալ հոկտեմբերին Արցախի բանաստեղծութեան Ա. փառատօնին մասնակցած Ապտօ Լապաքիի տպաւորութիւնները ամփոփած «Հայաստան` բանաստեղծութեան եւ ներշնչարանքի երկիրը» խորագրեալ նոր լոյս տեսած գրքոյկէն:
Երկինքէն Առկախ Եդեմ
Հանրաշարժը` իր մէջի ուղեւորներով, ճամբայ ելաւ ցատկռտելով, մինչեւ որ հասանք հովիտ մը, ուր բարձրասլաց ապառաժներուն ընդմէջէն ջուրը առատօրէն կը հոսէր եւ ծառերը ազատ էին ու անհոգ: Եւ բնութիւնը` իր ջինջութեամբ, մաքրութեամբ, գեղեցկութեամբ ու կուսութեամբ, յոգնութիւնն ու անտարբերութիւնը կը թօթափէր մեր ուսերէն:
Հասանք Ղարաբաղ եւ կարծես թէ բնութեան մէկ եդեմը վար իջած էր իր բարձունքէն` առանց շօշափելու երկնամերձ գագաթներուն լանջերը, եւ մնացած էր առկախ` երկրի եւ երկինքի միջեւ: Ղարաբաղ, ո՜վ առկախ եդեմ… Ճանապարհը ոլորապտոյտ կը բարձրանայ սարալանջերն ի վեր` առանց տարուելու իր շրջապատով, կ՛առաջնորդէ մեզ, մինչ մենք արդէն անձնատուր եղած ենք բնութեան: Անտառը հարուստ է ծառերով. կան շոճիներ, խոզակաղնիներ, կաղնիներ, սօսիներ, մշկենիներ, բարտիներ, ուռիներ, վայրի խնձորենիներ, վայրի տանձենիներ ու կարգ մը անանուն ծառեր, որոնք կը տարուբերին իրենց աշնանային հմայիչ գոյներով, ինքնավստահ ու ապահով` զիրենք սպասող վաղուան: Դարերու ընթացքին եղանակները դարձած էին փորձառու եւ, ահաւասիկ, երջանկութեան գիրկին մէջ, բնութիւնը կը զարդարուէր ոսկիով ու ոսկեծաղիկով: Գեղեցկութեան մէկ փառքն ու տօնահանդէսը, որ քեզ հանգիստ չի թողուր, կը ներգրաւէ եւ չունի ո՛չ սահման եւ ոչ ալ ժամանակ: Բնութեան ընդմէջէն բացայայտուող այս կարողութիւնը, որ կը գլէ ու կ՛անցնի ժամանակէն անդին եւ որուն միայն կը պատկանի որոշում առնելու իրաւունքը: Ղարաբաղն է` իր գիւղերով եւ ագարակներով, որոնք կ՛երկննան լեռներու գագաթներէն, կը հասնին սարալանջերուն եւ իրենց ծայրամասերը կ՛երկարեն լանջերու տարածքին ու ձորերն ի վար:
Մեր ուղեւորութիւնը տեւեց ուղիղ վեց ժամ, առանց կանգ առնելու: Գիշերը սկսաւ արտօնութիւն խնդրել ասուն ու անասուն էակներէն եւ մատներուն ծայրերով թակեց պատուհաններ, որոնք լուսաւորուեցան եւ մենք մեզ գտանք Ղարաբաղի պատմական մայրաքաղաք Շուշիի դռներուն դէմ-յանդիման:
Գիշեր Մը Շուշիի Մէջ
Կանգ առինք նորակառոյց պանդոկի մը առջեւ: Իջանք վար եւ սկսանք փնտռել մեր ճամպրուկները` զանոնք փոխադրելու համար պանդոկին հիւրասրահը, ուր մեզի կը սպասէր փառատօնի կազմակերպիչ պրն. Վարդան Յակոբեան` շրջապատուած համաշխարհային եւ համահայկական համբաւի տէր խումբ մը բանաստեղծներով:
Հենրիկ Էդոյեան, Արտեմ Յարութիւնեան, Յակոբ Մովսէս, Դաւիթ Յովհաննէս, Ռոպեր Եսայեան եւ ուրիշներ…
Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի Գրողներու միութեան նախագահ պրն. Վարդան Յակոբեանին, ան ժպտադէմ, բարձրահասակ եւ պատկառելի անձնաւորութիւն մըն է, որուն դիմագիծերէն լրջութիւն ու ակնածանք կը հոսի: Մեզ դիմաւորեց ազնուութեամբ ու յարգանքով, որոնք վաւերական հայուն կերպարը բնորոշող յատկանիշներէն են: Ընկերս` Սարգիս Կիրակոսեանը զիս անմիջապէս իրեն ծանօթացուց. ողջունեց այցելութիւնս եւ արտայայտեց իր ուրախութիւնը, որ եկած եմ մասնակցութիւնս բերելու փառատօնին: Յետոյ մեզ հրաւիրեց նստելու` սպասելու համար առաջին հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենար պանդոկի ճաշասրահին մէջ, ընթրիքի սեղանին շուրջ: Այդ միջոցին մենք առիթը ունեցանք իրարու հետ ծանօթանալու եւ զրուցելու զանազան նիւթերու շուրջ, յատկապէս բանաստեղծութեան եւ փառատօնին կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ` մեր երկիրներուն մէջ տիրող կացութեան մասին: Ընթրիքէն ետք հրաժեշտ տուինք իրարու եւ ուղղուեցանք մեր սենեակները` հանգիստ քուն մը վայելելու համար:
Յաջորդ առաւօտուն պէտք է հաւաքէինք մեր իրերը եւ ճամբայ ելլէինք դէպի Արցախի մայրաքաղաքը` Ստեփանակերտ, ուր տեղի պիտի ունենար փառատօնը: Նկատի ունենալով, որ դեռ բաւական ժամանակ ունէինք, ուզեցի պանդոկին շուրջ արագ շրջապտոյտ մը կատարել եւ մօտէն ծանօթանալ այս պատմական քաղաքին ճարտարապետական կոթողներուն, որոնցմէ ոմանք պատերազմին հետեւանքով քանդուած էին, իսկ ուրիշներ` վիրաւորուած: Հետաքրքրականը այն էր, որ շէնքերուն ճարտարապետական հարազատութիւնն ու նկարագիրը պահպանելով` կարգ մը շուշեցիներ սկսած էին վերանորոգել այս մշակութային ժառանգութիւններն ու շէնքերը, կառուցել մենատուներ եւ գուրգուրալ զբօսայգիներուն ու տարեց ծառերուն վրայ:
Ղարաբաղի Մայրաքաղաք
Ստեփանակերտի Մէջ
Երկու քաղաքները իրարմէ բաժնող կարճ ժամանակամիջոցը իմանալէ ետք, ամենայն հանգստութեամբ ճամբայ ելանք դէպի Ստեփանակերտ: Շուրջ երեսուն վայրկեան անց, մենք մեզ գտանք Ղարաբաղի մայրաքաղաքին կեդրոնական հրապարակին վրայ, ուր եւ կը գտնուէր մեր գեղակառոյց պանդոկը: Հազիւ հանրաշարժէն իջած` մեզ դիմաւորեցին փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախուբին անդամները:
Ծովու մակերեսէն երկու հազար երկու հարիւր մեթր բարձրութեան վրայ կը տարածուէր պատմական Ստեփանակերտը. անցեալը յուշող կառոյցներ, նոր ու կոկիկ շէնքեր` տեղ գրաւած հանդարտ պողոտաներու երկու մայթերու կողքին, անցեալին վեհափառ ներկայութիւնը կը բարեխառնէին արդիականութեան արձագանգներուն հետ: Ջինջ ու լայնատարած հրապարակներ` իրենց հիւրընկալ որդիներուն սրտին չափ լայն, որոնց դիմագիծերը ինքնաշարժներու եւ մարդկային խճողումներէն չէին այլանդակուած, սքանչելի հրապարակներ` ուր հրապուրիչ զբօսայգիները յատուկ գրաւչութիւն մը կու տային քաղաքին, մաքրամաքուր փողոցներու եւ ծայրամասերու մէջ կեանքը կը հոսէր հեզ ու համեստ, հեռու` դարուն քաղաքակրթութիւնը աղաղակող պոռոտախօսութենէ. բնութիւն ու գեղեցկութիւն, կանաչ ու զուարթ միջավայր, որոնք խաղաղութեան եւ հոգեկան հանգստութեան մթնոլորտով կ՛օծէին շրջապատը:
Ի տես այս չքնաղ տեսարանին` հիացած հարց կու տաս` ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ լեռներով շրջապատուած աշխարհէն կտրուած այս քաղաքը քեզ կը փոխանցէ այն զգացումը, որ Շուշին կը գտնուի դարուս քաղաքակրթութեան կիզակէտին վրայ, բայց միաժամանակ կը մնայ հեռու մեր ժամանակաշրջանի յոգնատանջ հեւքէն, ապականութիւններէն եւ բարոյական շեղումներէն:
Սիրեցի այս քաղաքը. կրնայի՞ չսիրել, երբ հոն տակաւին կային մարդիկ, որ մարդկային արժէքները կը սրբացնէին, յատկապէս բանաստեղծութեան ու արուեստի արժէքները եւ այն բոլորը, որոնք ազատութեան, հայրենասիրութեան եւ մարդկային յարաբերութեան իմաստները կը խտացնեն: Վերջապէս կային մարդիկ, որոնք գիտէին խօսքին խորհուրդն ու արժէքը` քաղաքակրթութիւն կերտելու նուիրական արարքին մէջ:
Պատերազմէն նոր դուրս եկած քաղաք մը, որ աշխարհի բանաստեղծները կը հիւրընկալէր: Արդեօք այս պէտք չէ՞ ըլլար բոլոր երկիրներուն մէջ լոյս տեսնող օրաթերթերուն ճակատները զարդարող խորագիրը: Ինչ որ հպարտութիւն կը ներշնչէ, պրն. Վարդան Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի գրական շարժումին նուիրեալներուն այս փառատօնը կազմակերպելու յանդգնութիւնն է, որ պէտք է ուսանելի օրինակ դառնայ բոլորին:
Համալսարանի Դահլիճին Մէջ
Առաւօտ իր աշնանային լիահաս լոյսով լեցուն բաժակը առատօրէն կը պարպէ տուներուն, պողոտաներուն, մայթերուն եւ զբօսայգիներուն վրայ: Մինչ ես, կանուխ արթննալէ, լոգանք առնելէ, հայելիին դիմաց ինքզինքս յարդարելէ եւ Չորեքշաբթի օր, Ստեփանակերտի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին մեծ անհամբերութեամբ պատրաստուելէ ետք, պանդոկի սենեակիս պատուհանին առջեւ կանգնած` լուսապարար տեսարանը կ՛ըմբոշխնեմ:
Շինութիւնը, որուն վրայ ժառանգուած մշակոյթը դրած է իր անջնջելի դրոշմը, քեզ կը մղէ այցելելու, եւ դուն, արտակարգ անհամբերութեամբ կ՛ուզես վայրկեան առաջ մօտենալ եւ ի մի խմբել ծանօթութիւններն ու գեղագիտական մանրամասնութիւնները, որոնք յաւերժացած էին իրերայաջորդ ժամանակներու յաւելումներով: Համալսարանի ընդհանուր տնօրէնը մեզ կը դիմաւորէ արտասովոր ջերմութեամբ եւ կ՛առաջարկէ պտոյտ մը կատարել համալսարանի պարտէզին մէջ, ուր տեղադրուած է նահատակ ուսանողներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողը: Ի յուշ այն անձնուրաց համալսարանականներուն, որոնք երկարատեւ պատերազմի ընթացքին, վասն հայրենեաց իրեն կեանքը զոհաբերեցին: Եօթանասունէ աւելի այդ ուսանողներուն դիմանկարները տեղ գրաւած են քանդակազարդ պատին վրայ, որմէ երկարող միջանցքը մեզի երկիւղածութիւն կը ներշնչէ:
Կը վերադառնանք շէնք, կը բարձրանանք երկրորդ յարկ, ուր դահլիճը մեզ գրկաբաց կը դիմաւորէ: Հայեացքս կը պտտցնեմ սրահին չորս անկիւնները. ընդարձակ դահլիճը գրաւուած է ամբողջութեամբ, աթոռ առ աթոռ, թիզ առ թիզ եւ նոյնիսկ ոտքի կանգնելու տեղ մը չէ մնացած: Ուսանողուհիներ, ուսանողներ, դասախօսներ, բանաստեղծներ, բանաստեղծութեան ու գրականութեան բարեկամներ, բոլորը հոն են. կարծես թէ քաղաքը իր բոլոր մտաւորականներով դէպի դահլիճ արշաւած է:
Պրն. Վարդան Յակոբեան կանգնեցաւ ամպիոնին ետին եւ ջերմ նախադասութիւններով դիմաւորեց մեզ: Յաջորդեց համակ գեղեցկութիւն հանդիսավարուհին, որ կատարելապէս կը տիրապետէր անգլերէն լեզուին:
Ապա, հայ թարգմանիչ բանաստեղծներու օժանդակութեամբ, աշխարհի հեռաւոր եւ մօտիկ երկիրներէ եկած բանաստեղծները կարդացին ու ասմունքեցին ակնթարթ մը առաջ թարգմանաբար հնչած իրենց բանաստեղծութիւնները:
Ուղիղ երկու ժամ, ծափողջոյնները չլռեցին դահլիճին մէջ: Բացառիկ օր մըն էր, որ բանաստեղծութեան վերադարձուց իր հմայքն ու առանձնայատկութիւնը: Այդ միջոցին յիշեցի Նիզար Գապպանիի «Բանաստեղծութիւնը կանաչ կանթեղ է» խորագրեալ գրութիւնը, որուն մէջ ընդգծած էր այն մտածումը, որ բանաստեղծութիւնը կրակ մըն է, ուր կ՛այրին ե՛ւ բանաստեղծը, ե՛ւ ունկնդիրը, իսկ ես կ՛աւելցնեմ` այս երկուքը կ՛իրականացնեն բանաստեղծութիւնը եւ կ՛արարեն անոր լինելութիւնը` ժամանակին ու վայրին մէջ:
ԱՊՏՕ ԼԱՊԱՔԻ
(Հայացուց` Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ)
(Հատուածներ)
(Շար.1)