Ազերի Դիւանագէտէն` «Ցեղապաշտական» Ծանր Յայտարարութիւններ

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Ռատիքալ» թերթը կը հաղորդէ հետեւեալ կարեւոր լուրը, որուն «հերոս»-ն է ազերի դիւանագէտ մը.

Անգարայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիւանագէտներէն Էլսեւեր Սալմանով «Ֆէյսպուք»-ի վրայ ցեղապաշտական յայտարարութիւններ կատարեց` իբրեւ թիրախ ընտրելով «Ռատիքալ» թերթը, «Ռատիքալ»-ի աշխատակիցներն ու հայերը: Սալմանով  «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ ցեղապաշտական վարկաբեկիչ նախադասութիւններով պախարակեց այն բացատրութիւնները, որոնք գրի առնուած էին Անգարայի երաժշտական փառատօնին առիթով հրատարակուած ծանօթագրական գրքոյկին մէջ, «Սարը կելին» երգին համար:

Էլսեւեր Սալմանովին խօսքերը հետեւեալն էին.

«4-30 ապրիլին Անգարայի մէջ պիտի կայանայ երաժշտական փառատօն մը: Այս առիթով ձեռքս անցաւ գրքոյկ մը, ու որոշեցի թղթատել զայն: Բոլորիս ալ ծանօթ է, թէ ինչեր կը գրուին ծանօթագրական այդպիսի գրքոյկներու մէջ. հաւանաբար ձեռնարկի մասին տեղեկութիւններ ու հովանաւորներու գովազդներ: Ես ալ նոյնը կը կարծէի: Բայց «Ռատիքալ» օրաթերթը, որ փառատօնի հովանաւորներէն մէկն է, գրքոյկի մէջ հրապարակած է գովազդ մը, որուն դիմաց անկարելի է չջղայնանալ: Նոյնութեամբ կ՛արտագրեմ գովազդի բովանդակութիւնը. «Սարը կելին»-ը հայկական ժողովրդական երգ մըն է: Այս նիւթը ամէն մարդ կրնայ տարբեր կերպով մեկնաբանել: Լաւագոյնն է այցելել եւ ունկնդրել»: Հիմա հարց կու տամ, թէ թերթ մը ինչո՞ւ ինքզինք պարտաւոր կը զգայ այսպիսի «դատ» մը մէջտեղ դնելու: Պատճառը հետեւեալն է. կա՛մ թերթին մէջ հայեր կան, որոնք լրագրութիւնը մէկդի թողած` իրենց ժողովուրդին կը ծառայեն եւ կամ թերթը զանգուածաբար «հաւատարիմ սպասարկութիւն» կը կատարէ: Այսպիսի մտածելակերպի մը ճիշդ փոխադարձութիւնն է «բոլորդ հայ էք, բոլորդ` պոռնկորդի (փիճ) էք»:

Այս բոլորէն վնաս կը կրեն խաղաղութիւնն ու տարածաշրջանի մարդիկը: Երկու մտածելակերպին վրայ ալ կ՛ուզեմ թքնել: Ողջամիտ բոլոր մարդիկն ալ թքնելու կը հրաւիրեմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES