Թուրքիոյ Իսլամացած Հայերուն Վերադարձը

Միջինարեւելեան «Ալ-մոնիթըր» լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ Թուրքիա ապրող իսլամացած հայերու վերջին տարիներու կացութեան մասին մանրամասնութիւններ: Թուրք լրագրող Սիպել Ութքու Պիլա ստորագրած է էջ մը, ուր կը նկարագրէ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած խլեակներուն, մեծ մասամբ բռնի իսլամացած երեխաներ, անոնց զաւակներուն ու թոռներուն մօտ ծագած երկընտրանքը, որ կը վերաբերի իրենց նախնիներուն կրօնին ու ինքնութեան վերադարձին:

Կացութիւնը հետեւանք է վերջին տասնամեակին հայկական թապուի որոշակի մեղմացման, մանաւանդ քրտաբնակ հողատարածքին վրայ: Ապտուռահիմ Զորարսլան կը նկարագրէ, թէ ինչպէս իր աշխարհը տակն ու վրայ կ՛ըլլար քսանհինգ տարեկան հասակին, երբ կ՛իմանար, ի՛ր իսկ քիւրտ ցեղախումբէն, թէ ինք հա՛յ էր: Հայրը, որ վերապրող մը եղած էր, մահացած էր առանց բառ մը իսկ ըսելու իր ինքնութեան մասին, որուն պատճառով Զորարսլան կ՛իյնայ նեղ կացութեան մէջ: Այսօր, երբ յիսուներեք տարեկան է, կը պատմէ, թէ ինչպէս երկար մտատանջութիւններէ ու ինքնաքննարկումներէ ետք որոշած էր վերադառնալ իր հայութեան ու քրիստոնեայ արմատներուն ու անունը փոխած Արմէնի: Սակայն այս քայլին գինը եղած էր կնոջ ու զաւակներուն հետ յարաբերութեան խզումը, որովհետեւ անոնք մերժեցին իսլամութենէ հրաժարիլ:

Լրագրողը կը գրէ, թէ Զորարսլանի պարագան մաս կը կազմէ հետզհետէ աճող փոքրամասնութեան մը, որ հետեւանքն է քրտական իշխանութիւններու վերջին տարիներուն ծաւալած բազմինքնութեան քաղաքականութեան: Յստակ է, թէ այս վերադարձը դժուար քայլ մըն է, որովհետեւ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ այս շրջանին մէջ տիրող ցեղախմբային կենցաղին մէջ իսլամութիւնը յաճախ կը հանդիսանայ ընդհանուր ու հասարակաց գլխաւոր շաղկապը:

Հարցը այն է, որ թէեւ անոնցմէ շատերը կատարելապէս իսլամացած են ու յաճախ ալ դարձած են մոլեռանդ հաւատացեալներ, երբեք չեն պակսիր այս կամ այն պատրուակով անոնց հասցէին հնչած «անհաւատ հայու կտոր»-ի անարգական եւ մեղադրող սլաքները, ըլլան անոնք դրացիներու, նոյնիսկ ընտանիքի անդամներու կողմէ: Այնպէս որ, անոնք կը գտնուին յաճախ դժուար վիճակի մէջ: Երբեմն տասնեակ տարիներով ծածուկ պահուած ինքնութիւն մը երեւան կու գայ ընթացիկ վէճի մը կամ անհասկացողութեան մը ընթացքին: Տակաւին կայ նաեւ Պոլսոյ հայերուն կողմէ գաւառ մնացած ու իսլամացած հայերուն հանդէպ վերապահ վերաբերումը: Այնպէս որ, անոնք երբեմն կը գտնուին ոչ մէկուն ու ոչ միւսին կողմէ լիիրաւ ընդունման կարգավիճակի մէջ` կը խոստովանի Կաֆուր Թուրքայ, վերապրող հայու մը թոռը` Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս տաճարի բակին մէջ: Քառասունեօթը տարեկան ապահովագրութեան պաշտօնեան տարիներով ծածուկ պահելէ ետք իր ինքնութիւնը, այսօր բացէ ի բաց կ՛ընդունի իր հայութիւնը: Ան նաեւ Սուրբ Կիրակոսի հոգաբարձութեան անդամ է: Սակայն իր հայրը, որ Մեքքա գացած հաճի է, կը շարունակէ փարած մնալ իր իսլամ կրօնին: Այսպէս` անոր տասնութ զաւակներուն մէջէն միայն Կաֆուրն ու եղբայրն են, որոնք վերադարձած են քրիստոնէութեան: Թրքական տուեալներուն համաձայն, իսլամացած հայերու թիւը այսօր կ՛անցնի մէկ միլիոնը, թէեւ յստակ չէ, թէ անոնցմէ քանի տոկոսը այսօր ինքն զիրենք հայ կը նկատեն, որովհետեւ անոնցմէ շատերը կը մնան փարած իսլամութեան ու հայութիւնը կը նոյնացնեն քրիստոնէութեան: Թող իսլամ մնան, կը շարունակէ Թուրքայ, իրեն բայց գոնէ ընդունին իրենց հայկական արիւնը:

Քառասունեօթը ամեայ Պեհչեթ Սայեան կը յիշէ, թէ ինչպէս իր մեծ հայրը ուրիշ վեց պապուկներու հետ բարեկամութիւն կ՛ընէր Տիգրանակերտի մօտ իրենց գիւղին մէջ, ու անոնց հետ հայերէն կը խօսէր: Սայեան ինքն ալ վերադարձած է քրիստոնէութեան ու կ՛ըսէ, թէ երանի ընտանիքին միւս անդամներն ալ նոյնը ընէին: Բայց ան լաւատես չէ: «Եղբայրս հաճի է, կ՛ըսէ ու անկարելի է, որ կրօնը թողու ու քրիստոնէութեան վերադառնայ: «Կը փափաքիմ որ զաւակներս գոնէ այդ քայլը առնեն, սակայն կեանքը իրենց համար կրնայ դժուարանալ: Այնպէս որ, ամէն մարդ ինք պէտք է որոշէ», կը շարունակէ ան:

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, վերջին տարիներուն վերանորոգուած, կը գտնուի քաղաքին հին թաղերուն մէջ ու կը հանդիսանայ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայկական մեծագոյն եկեղեցին: Սակայն ցարդ ան կը մնայ առանց հօտի ու հովիւի ու կը ծառայէ իբրեւ զբօսաշրջային կայան:

Տարի մըն է, որ Տիգրանակերտի մէջ գոյութիւն ունի հայերէնի դասաւանդութեան ձեռնարկ մը` առաջնորդութեամբ Պոլսէն շաբաթական դրութեամբ ժամանող ուսուցչի մը: Անոր կը մասնակցին քսանի շուրջ աշակերտներ, բոլորն ալ` իսլամացած հայերու ժառանգորդներ: Երբ լրագրողը փափաք կը յայտնէ ներկայ գտնուիլ դասի մը, կ՛իմանայ, թէ այդ մէկը անկարելի է, որովհետեւ ստիպուած են ուսանողներուն ինքնութինը պահել ծածուկ` առաջքը առնելու համար հաւանական հակազդեցութիւններու:

Թէեւ Սուրբ Կիրակոսի նորոգութիւնն ու հայերէն դասերու ֆինանսաւորումին մէջ ներդրում ունեցած են տեղական քրտական իշխանութիւնները, սակայն նկատի ունենալով քիւրտ բանտարկուած ղեկավար Օճալանի հայերը պախարակող վերջին յայտարարութիւնները` հայեր կը մնան թերահաւատ քիւրտերու անկեղծութեան վրայ: Այսուհանդերձ, Տիգրանակերտի քաղաքապետութիւնը կը պատրաստուի բացումը կատարելու «հալածանքի ենթարկուած համայքներու» նուիրուած յուշակոթողի մը` ապրիլ 24-ի երեկոյեան:

Share this Article
CATEGORIES