Ապպաս Անգարա Այցելելով Պիտի Քննարկէ Էրտողանի Կազա Այցելութեան Հարցը
Պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ազզամ Ահմետ պաղեստինեան պաշտօնական ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «որեւէ պաշտօնատար, որ առանց Պաղեստինեան իշխանութեան հետ համակարգումի Կազա կ՛այցելէ, անոր այցելութիւնը Այսրյորդանանի ու Կազայի միջեւ պառակտումը կ՛ամրապնդէ եւ կը խորացնէ»:
Ան ըսաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս քանի մը օր ետք Անգարա պիտի այցելէ եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Կազա նախատեսուած այցելութեան հարցը քննարկէ` նշելով, որ Համաս մեծ ընդունելութիւն կը ցուցաբերէ ոեւէ անձի նկատմամբ, որ Կազա կ՛այցելէ, եւ այդ այցելութիւնը Կազայի ճանաչման ապահովման յաջողութիւն կը նկատէ:
CATEGORIES Միջազգային


