Գերմանական «Առ.Ու.Ի.» Ընկերութիւնը Կը Լքէ «Նապուքօ»-ն
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ գերմանական «Առ.Ու.Ի.» ուժանիւթի ընկերութիւնը վաճառած է «Նապուքօ» խողովակաշարի շինարարութեան միջազգային ընկերութիւններու համախմբումին մէջ իր ունեցած բաժինը:
Ըստ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի, գերմանական ընկերութեան բաժինը մարտի սկիզբը գնած է աւստրիական «Օ.Էմ.Վի.» ընկերութիւնը: Գործարքի գինին մասին տեղեկութիւններ չկան: Բացի աւստրիական ընկերութենէն, այս ծրագիրին կը մասնակցին ուժանիւթի ընկերութիւններ Պուլկարիայէն, Հունգարիայէն, Ռումանիայէն եւ Թուրքիայէն:
Մարտի սկիզբը բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը յայտնած էր, որ գերմանական ընկերութիւնը վաճառքի հանած է այս ծրագիրին մէջ ունեցած իր բաժինը: Այս քայլը մասնագէտներու բացատրութեամբ կը բխի այն իրողութենէն, որ գերմանական ընկերութեան մէջ կ՛ուզեն կրճատել հարկային ծանրաբեռնուածութիւնն ու ծախսերը, որովհետեւ Գերմանիա կ՛ուզէ հիւլէական ուժանիւթէն դէպի վերանորոգուող ուժանիւթի աղբիւրներ անցում կատարել: Ճիշդ այդ ժամանակ յայտնուած էին տեղեկութիւններ, որոնց մէջ կը նշուէր, որ ընկերութիւնը կրնայ վաճառքի հանել «Նապուքօ»-ի մէջ իր ունեցած բաժինը:
«Նապուքօ» ծրագիրի հիմնական նպատակը ստեղծելն էր Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Եւրոպա կազի տեղափոխման նոր ճամբայ մը, որ չէր անցներ Ռուսիայէն: Չորս հազար քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող կազի խողովակաշարը պէտք է սկսի Մերձկասպեան շրջանէն, որմէ ետք Թուրքիոյ եւ Հարաւարեւելեան Եւրոպայի միջոցով պէտք է հասնի մինչեւ Աւստրիա:

