Անդրադառնալով Կապալայի Ռատարի Կայանի Հարցին` «Մեզ Չեն Կրնար Ստիպել Ռուսիոյ Դէմ Բան Մը Ընել» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Կապալայի ռատարի կայանի հարցը չէ յառաջացուցած եւ պիտի չյառաջացնէ անհանգստութիւն ռուս-ազրպէյճանական երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ:

«Կապալայի ռատարի կայանի վարձքին վճարումը եղած է ընդամէնը 7 միլիոն տոլար` 300 հեկտար տարածքի համար, որ կը գտնուի Ազրպէյճանի ամէնէն գեղեցիկ հատուածներէն մէկուն մէջ եւ որ Պաքուէն ետք զբօսաշրջութեան երկրորդ կեդրոնը կը նկատուի: Եւ եթէ անոնք, որոնք ծովէն հեռու կը բնակին` ծովափին կը հանգստանան, ապա մենք, որ կը բնակինք Կասպիցի ափին, կը հանգստանանք լեռները: Այդ պատճառով մենք փափաքած ենք, որ այդ կեդրոնի վարձքին վճարումը իրատեսական ըլլայ: Նախ, ատիկա պէտք է որոշ ձեւով փոխհատուցէր անցեալ 10 տարիներուն համար, երբ Ազրպէյճան չէր արծարծած գինի հարցը, սակայն բոլորը, ներառեալ, Ռուսիան, կը հասկնային, որ այդ գինը, այսպէս ըսուած, խորհրդանշական է», ըսած է Ալիեւ:

Նշենք, որ Կապալայի ռատարի կեդրոնի վարձակալութեան ժամկէտը աւարտած էր 2012-ին:

Ըստ Ալիեւի, վարձքին գինը աւելցնելու ցանկութիւնը կը բացատրուէր նաեւ այն հարցով, որ վերջին 5-6 տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական թեքնիք համագործակցութիւնը մեծ յառաջընթաց արձանագրած է եւ միլիառաւոր տոլարներու առեւտուր իրականացուած է:

«Մենք ռուսական զինուորական սարքերը կը գնենք նոյն գինով, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ: Կը կարծենք, որ եթէ մենք այդ գինով կը գնենք, միւս բոլոր հաշիւները կ՛իրականացնենք համաշխարհային գինով, ապա վարձքի գինը եւս պէտք էր ատոր համապատասխան ըլլար», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ըստ անոր, Կապալայի ռատարի կայանը Ազրպէյճանի համար որեւէ նշանակութիւն չունի: «Տեղեկութիւնը, որ կը ստանայ կայանը, մեզի պէտք չէ, որովհետեւ մենք այդ տեղեկութեան հակազդելու միջոցներ չունինք: Ատոր համար ալ մենք պէտք է այդ հարցը լուծենք բարեկամական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու հիմամբ: Մենք ռուսական կողմին առաջարկած էինք համագործակցութիւնը շարունակել եւս 5-10 տարիով` նոր գինով, ինչ որ չէր ընդունուած: Ռուսիոյ մէջ այժմ աւելի ժամանակակից կայան կայ, քան Կապալայի կայանը, որ արդէն թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ բարոյապէս մաշած է: Ընդհանուր առմամբ` ճիշդ այս է խնդիրին էութիւնը, եւ ատիկա բացարձակապէս ոչ մէկ յուզում յառաջացուցած է երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ», ըսած է Ալիեւ:

Ան հերքած է հրապարակուած այն յայտարարութիւնները, թէ Ազրպէյճան այդ որոշումը տուած է Միացեալ Նահանգներու ճնշումին տակ: «Ոչ ոք մեզի ստիպել կրնայ, առաւել եւս չեն կրնար ստիպել մեր ռազմավարական գործընկերոջ դէմ բան մը ընել», յայտարարած է Ալիեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES