Հնդկաստան Եւ Գերմանիա Կ՛ուզեն Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Բարեփոխումներ Իրականացնել
«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով հնդկական ԻԱՆՍ լրատու գործակալութեան, որ կը մէջբերէ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սալման Խուրշիտի Պերլին կատարած այցելութեան ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Հնդկաստան եւ Գերմանիա մտադրած են հասնիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ մնայուն կազմի ընդլայնման:
«Բնականաբար Ապահովութեան խորհուրդի բարեփոխումը մեր քննարկումներուն լուսարձակին տակ է: Մենք որոշած ենք այս հարցին մէջ շարունակել համագործակցիլ Գերմանիոյ հետ եւ ուժեղացնել մեր ճնշումը», յայտարարած է Խուրշիտ:
ԻԱՆՍ կը նշէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի կառուցուածքին մասին արտայայտուած է նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելլէ, որ նշած է, թէ Հնդկաստանի, Գերմանիոյ, Պրազիլի եւ Ճափոնի նման կարեւոր երկիրները պէտք է Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամի կարգավիճակ ստանան:
Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ունի 5 մնայուն անդամներ` Բրիտանիան, Չինաստանը, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան, ինչպէս նաեւ 10 ոչ մնայուն անդամներ:

