Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին, եթէ կարելի ըլլայ գոյացնել ընտրական օրէնք մը, որ բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներու դատին զօրակցող, Շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան Արաբական լիկային բողոքի նամակ մը յղելու նաեւ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին գծով:

ՄՈՒԽԹԱՐԱՅԻ յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ չի կրնար շրջանցել կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ներկայացուցչութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչը «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կազմելիք կառավարութեան կազմին մասին սպրդեցուած նախնական ցանկը Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ մը սկսելու նախագիծ է:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ սպայից կեդրոնին մօտ պայթած է ձեռնառումբ մը` առանց նիւթական եւ մարդկային վնասներ պատճառելու:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար

Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ իրենց կերտած նուաճումները ետքայլ արձանագրեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Թամմամ Սալամը վարչապետ նշանակելու որոշումը Սէուտական Արաբիոյ որոշումն է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Քամիլ Տորի Շամուն կոչ ուղղեց կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որուն պարտականութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքական կառավարութիւն մը, որուն պարտականութիւնը կ՛ըլլայ լուծել Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ ընդգծեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու

կարեւորութիւնը:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեքնիք յետաձգումը անխուսափելի է:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պիտի արգելակուի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան եւ նախարար Ժըպրան Պասիլի անունին պատճառով:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի յատուկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին շեշտեցին, որ կառավարութեան կազմութեան ժամկէտ չէ ճշդուած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը ոչ մէկ արգելք ունի Ազգային պայքարի ճակատ պլոքին կողմէ  երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները առկախելու որոշումը վիճարկումի ենթարկելու առումով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կողմէ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ թեկնածութիւններ չընդունելու քայլին մէջ օրինական սխալներ արձանագրուած են:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ իրենց հանդիպումը անկեղծ եղած է, իսկ տիրող մթնոլորտը ժխտական չէ եղած:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը ընդգծեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի ազգային շահերը կ՛ենթադրեն ազգային համախոհութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Հըզպալլա կը ջանայ խոչընդոտել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներ բախումները Լիբանան կը փոխադրեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ժիհատ Սամատ յայտնեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի ընտրական օրէնքի մը մշակումին:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կարիքը ունի օրէնսդրական եւ հաստատութենական մօտեցումի:

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին վերաբերող ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ԵՐԷԿ Մամլոյ ակումբին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը ներկայացուցած աւելի քան 50 անկախ անձնաւորութիւններ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին «Նոր թեկնածուներու դաշինք»-ը, որուն նպատակն է աշխատանք տանիլ քաղաքացիական պետութեան հաստատման եւ համայնքային դրութեան վերացման համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES