«Պատմութիւնը Կը Ծաղրէ Մեզի» Շեշտեց Հապիպ Աֆրամ
Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ շեշտեց, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանամերձ Մերտին շրջանին մէջ գտնուող Միտիաթ գիւղաքաղաքին մէջ քրիստոնեայ սուրիացիներուն համար գաղթակայաններ հիմնելու քայլը խոկումի առիթ մըն է տեսնելու, թէ պատմութիւնը մեզի կը ծաղրէ:
«Մեր ժողովուրդը, անցեալ դարուն սկիզբը, այս շրջաններէն է, որ բռնագաղթի ենթարկուեցաւ, ինչ որ մենք ասորերէնով «Սէյֆօ» կը կոչենք եւ կը նշանակէ ցեղասպանութիւն, Հայոց եւ ասորիներու ցեղասպանութիւն», ըսաւ Աֆրամ:
Ան հարց տուաւ, որ արդեօք իրենց զաւակները մնայուն կերպով պէ՞տք է վճարեն պատերազմներու, ցնցումներու, յեղափոխութիւններու, ծայրայեղութեան եւ այլ շարժումներու գինը եւ կրկին անգամ բռնագաղթի ենթարկուին ու Սուրիայէն իրենց հողերը վերադառնան` իբրեւ գաղթական:
Այս իրականութիւնը պատմութեան մէջ ամօթ մըն է:
«Մենք կը մերժենք, որ Սուրիոյ մեր ժողովուրդին համար Թուրքիոյ մէջ գաղթակայաններ հիմնուին: Սուրիոյ մէջ կը փափաքինք ունենալ խաղաղութիւն, ապահովութիւն, ազատութիւններ, ժողովրդավարութիւն, բազմազանութիւն, ինչպէս նաեւ կ՛ուզենք Թուրքիոյ մեր գիւղերուն եւ կալուածներուն վերատիրանալ եւ ոչ թէ սուրիացի մեր ընտանիքներուն համար գաղթակայաններ հաստատել», շեշտեց Աֆրամ:

