Փլամպլի-Մուսաուի Հանդիպում
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի ողջունեց Թամմամ Սալամը համախոհութեամբ վարչապետ նշանակելու լիբանանեան ջանքերը եւ կոչ ուղղեց ամէնէն մօտ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը, որ կ՛ընդգրկէ բոլոր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ:
Փլամպլի կարեւոր նկատեց նաեւ ընտրական օրէնքի մը մշակումը, որպէսզի երաշխաւորուի ըստ լիբանանեան սահմանադրութեան երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հոլովոյթը:
Անդրադառնալով Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններու լիբանանեան գիւղերուն դէմ սուրիական ռմբակոծումին` Փլամպլի անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնը, լիբանանեան գերիշխանութիւնը, չէզոք կեցուածքն ու
«Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին, Մուսաուի խստիւ դատապարտեց սուրիացի զինեալներու կողմէ Հերմելի Քասըր գիւղաքաղաքին դէմ գործուած յարձակումները, որոնք պատճառած են լիբանանցի զոհեր:
Մուսաուի յայտնեց, որ Թամմամ Սալամի նկատմամբ ցուցաբերուած լիբանանեան համախոհութիւնը պէտք է ամրապնդել յաւելեալ գործակցութեամբ եւ խորհրդակցութեամբ` գործակցաբար ստանձնելու համար երկրին կառավարման աշխատանքն ու համաձայնութիւն մը գոյացնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ:
Մուսաուի խստիւ դատապարտեց նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ ընդգծեց անոնց վերջ տալու կարեւորութիւնը:

