Նախարար Սապունճեան Բացումը Կատարեց Լիբանանեան Ձեռարուեստի Կեդրոնին
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ բացումը կատարեց լիբանանեան ձեռարուեստի ներկայացուցիչ արուեստագէտներու ցուցահանդէսին:
Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը այդ սրահը տրամադրեց լիբանանեան ձեռարուեստի ցուցահանդէսներուն, որոնք մնայուն կերպով բաց պիտի ըլլան զբօսաշրջիկներուն համար, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի ընծայեն, որ ձեռարուեստի հմտութիւն ունեցող լիբանանցիներ իրենց արտադրութիւնները ցուցադրելու առիթ ունենան եւ մասնակցին այդ ցուցահանդէսներուն:
Այցելելէ ետք ցուցահանդէսին տարբեր տաղաւարները` նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ անոնք կը նպաստեն երկրին տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան եւ զբօսաշրջութեան աշխուժացումին:
CATEGORIES Լիբանանեան

