Ժեմայէլ Կը Զօրակցի Լիբանանի Մէջ Գաղթակայաններ Հիմնելու Գաղափարին

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որմէ ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը պարզապէս գաղթականութեան հարց մը չէ այլեւս, այլեւ` ընկերային եւ մարդկային բնոյթ ունեցող խնդիր մը, որուն ունենալիք հետեւանքները պէտք է կանխարգիլել:

Ժեմայէլ նշեց, որ կարգ մը շրջաններու մէջ սուրիացի գաղթականները սկսած են ուղղակի ազդել ազգային հիւսուածքին վրայ, եւ Լիբանան անկարելի է որ հանդուրժէ նման իրականութիւն մը:

Ան կոչ ուղղեց յստակ վիճակագրութիւն մը կատարելու Լիբանան գաղթած սուրիացի քաղաքացիներուն մասին, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն գաղթակայաններ հիմնելու գաղափարին` ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն պահպանումին:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պատրաստ է գործակցելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` յանգելու համար ընտրական նոր օրէնքի մը:

Share this Article
CATEGORIES