13 Ապրիլը` Ապագայի Յիշատակ
Այս օրուան տարելիցը յիշելը վէրքերը թարմացնելու եւ մահուան, քանդումի ու բռնագաղթի ցաւալի յիշատակներ վերազարթնումի ենթարկելու նպատակ չի հետապնդեր:
13 ապրիլը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը խորհրդանշող թուական մը չէ, այլ` անիկա կը խորհրդանշէ Լիբանանի մէջ խաղաղութեան եւ կեանքի մշակոյթին տապալումը եւ Լիբանանը դէպի քանդում ու յետամնացութիւն առաջնորդող թուականը:
Այսօր, երբ մենք կը նկատենք, թէ Լիբանան անգամ մը եւս կը պարէ մահացու հրաբուխի մը վրայ, կոչ կ՛ուղղենք այս երկրին բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի կանխարգիլեն այդ ահաւոր փորձառութիւնը, զոր մենք ապրեցանք, որովհետեւ լիբանանցին բաւարարուած է իր տառապանքով եւ մեր երիտասարդներն ու զաւակները նման ահաւոր փորձառութեան կարիքը չունին:
Բաւարար չե՞ն արդեօք մեր վկայած լեղի տագնապներն ու պատերազմները:
Բաւարար չէ՞ արդեօք այս երկրին մայրերուն սեւեր հագնելու եւ սուգի ծովերուն մէջ խեղդուելու իրականութիւնը:
Եկէք այս յիշատակը վերածենք վկայութեան մը, որուն ընդմէջէն աշխարհին ցոյց տանք, թէ անիկա ժողովուրդներուն միջեւ տիրող ատելութեան եւ բաժանումի դէմ յաղթանակի վկայութիւն է, ինչպէս նաեւ վկայութիւն մը, որուն համաձայն, տարբեր քաղաքակրթութիւններուն միջեւ արձանագրուած տագնապները պէտք է չքանան մեր մարդկայնութեան եւ իրարու նկատմամբ սիրոյ դիմաց:
13 ապրիլը խաղաղութեան եւ կեանքի մշակոյթին քայլերգը հնչեցնելու օր է: Անիկա օր մըն է, որուն ընթացքին մենք սիրով, իրարու ընդունելով եւ իրարու ըմբռնելու առումով դէմ առ դէմ ու հանգիստ պէտք է նստինք եւ դասեր քաղենք մեր անցեալի սեւ էջերէն, որպէսզի անգամ մը եւս նոյն փորձառութեան մէջ չիյնանք, ընդհակառակն` բոլորս ծրագրենք այս երկրին ապագան, այս երկիրը հաստատուն հիմերու վրայ կառուցելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան որ ապահովութիւնը իւրաքանչիւր տասնամեակի ընթացքին չխախտի: Մենք այդպէս պէտք է վարուինք, որպէսզի պահպանենք մեր երիտասարդները եւ ներդրենք անոնց ուժերն ու կարողութիւնները, որպէսզի իրենք Լիբանանի վրայ իրենց հաւատքը չկորսնցնեն եւ իրենց ապագան այլ վայրերու մէջ չորոնեն:
13 ապրիլը աւերի ու քանդումի վրայ սգալու առիթէն պէտք է դուրս բերել եւ զայն վերածել այնպիսի օրուան մը, որուն ընթացքին յոյսով եւ իմաստութեամբ պիտի կերտենք մեր եւ նորահաս սերունդներուն ապագան:
ՅԱԿՈԲ ԹԷՐԶԵԱՆ
Պէյրութի Քաղաքապետական
խորհուրդի անդամ

