Պըրրի Ընդունեց Էլի Ֆըրզլին Եւ Այլ Պատասխանատուներ

Ֆըրզլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի ընդգծեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը պէտք է հիմնովին մոռնալ` աւելցնելով, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը կնքած է իր մահկանացուն եւ անհրաժեշտ է յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել արդար օրէնքի մը հիման վրայ` ըստ սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտանը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ: Քննարկուեցաւ երկրին ապահովական իրավիճակը:

Share this Article
CATEGORIES