Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի:
Հանդիպումէն ետք Էխհորեսթ յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած են Եւրոպական Միութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները` ժողովրդավարութեան եւ հաստատութենական համակարգի հաստատումին առումով, որպէսզի կարենան իրականացնել անկախութեան, արժանապատիւ կեանքի եւ բարգաւաճման ձգտող ժողովուրդներուն կամքը:
Էխհորեսթ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը ցարդ Լիբանանին տրամադրած է 90 միլիոն եւրօ` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն եւ անոնցմէ ազդուող լիբանանցիներուն օժանդակելու նպատակով:
«Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք յաւելեալ օժանդակութիւններ ապահովելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ դիմակայել իրեն սպառնացող մարտահրաւէրներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը մնայուն կերպով ներկայ է զօրակցելու Լիբանանին եւ շրջանին ոչ միայն ընկերային եւ տնտեսական առումով, այլ նաեւ ապահովական` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան ընդմէջէն, ապահովելու համար խաղաղ եւ գերիշխան Լիբանան մը:


