Լիբանանցի Առեւանգուածներու Ընտանիքները Կ՛արգելակեն Թրքական Բեռնատարներու Շարժումը

Երէկ կէս գիշերին Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքները իջան Պէյրութի նաւահանգիստ եւ արգելակեցին թրքական ներածուած ձուկով բեռցուած բեռնատարներու ճամբան: Այս քայլը կ՛իյնայ թրքական արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու քայլերուն ծիրին մէջ:

Բեռնատարները Թրիփոլիի նաւահանգիստէն եկած էին Պէյրութի նաւահանգիստ: Առեւանգեալներուն ընտանիքները յայտարարեցին, որ թրքական ձուկ Լիբանան պիտի չներածուի, մինչեւ որ ազատ արձակուին լիբանանցի առեւանգեալները: Անոնք կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ ազատ արձակելու առեւանգեալները, որովհետեւ այդ երկիրն է առեւանգեալներու հարցին հետ անմիջական կապ ունեցողը:

Share this Article
CATEGORIES