Պաապտայի Ժողովը Կ՛որոշէ Սուրիական Ռմբակոծումներուն Դէմ Բողոքագիր Մը Յղել Արաբական Լիկային

Ապահովական-դատական նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական-դատական բնոյթի նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, հրաժարեալ կառավարութեան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ապահովական մարզի ներկայացուցիչներ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ գործուած բռնարարքները, առեւանգումները, բանտերուն իրավիճակը, գաղթականներուն հարցը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ Սայտայի ապահովական կացութիւնը:

Նիստէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ լիբանանցի ոեւէ քաղաքացիի առողջութեան պատասխանատու է միայն լիբանանեան պետութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանանի դէմ որեւէ յարձակում մերժելի է, ի՛նչ կողմէ որ ալ կատարուի:

Ան նշեց, որ ապահովութեան պատասխանատուները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` պահպանելու ապահովութիւնը եւ երաշխաւորելու Լիբանանի դէմ յարձակումներու չկրկնուիլը:

«Ապահովութեան ուժերը ճիգ պէտք չէ խնայեն երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու իմաստով», ըսաւ ան:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ժողովին որոշուած է սուրիական ռմբակոծումներուն դէմ բողոքի նամակ մը յղել Արաբական լիկային:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու քայլերը:

Աւելցնենք, որ երէկ եւս Հերմելի Քասըր գիւղաքաղաքը ենթարկուեցաւ ռմբակոծումներու, որոնք պատճառեցին նիւթական վնասներ:

Պէտք է նշել, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Հերմելի դէմ Սուրիոյ ռմբակոծումը, որոնք նախանցեալ օր պատճառած էին երկու զոհեր եւ վիրաւորած ուրիշներ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ այդ ռմբակոծումը նկատուեցաւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն:

Փարիզ կոչ ուղղեց Լիբանանը սուրիական տագնապէն չէզոք պահելու:

Share this Article
CATEGORIES