ԱԼԵՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՉԵՉԵՆԻԱ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ
Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ֆետերասիոնը իր դժգոհութիւնը յայտնած է երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի օգնական Ալեն Պօղոսեանէն, որ առանց արտօնութեան մեկնած էր Չեչենիա եւ Կրոզնիի մարզադաշտի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուած:
Ֆրանսական «Լ՛էքիփ» մարզական օրաթերթը, մէջբերելով Պօղոսեանի խօսքերը, կ՛ըսէ. «Այս հրաւէրը յղուած էր ինծի եւ անիկա ամբողջութեամբ հեռու էր պաշտօնական հրաւէր ըլլալէ: Ինծի առաջարկեցին մասնակցիլ մրցումին եւ ես մասնակցեցայ: Նկատի ունենալով, որ ծագումով հայ եմ, կը հասկնամ եւ կը զգամ, թէ ինչ կը պատահի Չեչենիոյ մէջ, ուր մարդիկ կը չարչարուին: Աւելցնեմ նաեւ, որ այս ճամբորդութիւնը բոլոր հրաւիրեալներուն համար ձրի էր»:
Ըստ sports.fr պաշտօնական կայքէջին, Կրոզնի ժամանած իւրաքանչիւր հրաւիրեալ երկրին նախագահ Ռամզան Քատիրովէն ստացած է ադամանդէ ժամացոյց մը, որուն գինը կը տարուբերի 12-էն 70 հազար ամերիկեան տոլարի միջեւ: Ատկէ բացի, դաշտ ներկայացած իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ ստացած է 200 հազար եւրոյէն մէկ միլիոն եւրոյի գումար մը: