ԿՌՓԱՄԱՐՏ. «ՀՊԱՐՏ ԵՄ, ՈՐ ՅԱՋՈՂԵՑԱՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿՍ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՕՐԸ» ԸՍԱՒ ՎԻՔ ԴԱՐՉԻՆԵԱՆ
Հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ Վիք Դարչինեան երէկ հանդիպում մը ունենալով լրագրողներուն հետ յայտարարութիւն կատարեց իր արձանագրած վերջին յաղթանակին գծով:
Ան ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ, որ իմ վերջին յաղթանակս արձանագրեցի Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը: Այդ ձեւով առիթը ունեցայ համայն աշխարհին ցոյց տալու, թէ ի՛նչ իմաստ ունի այդ օրը: Չեմ գիտեր, թէ թուրքերուն արձագանգը ի՛նչ եղաւ այդ գծով, սակայն ամերիկեան լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձան ատոր: Ինչպէս բոլորը գիտեն, Ճոնի Փերեսի դէմ իմ կատարած այդ մրցումիս օրը գօտիիս վրայ գրուած էր 1915: Այժմ, ութ գօտիի տիրանալէ ետք, կը սպասեմ, որ Փերես ե՛րբ պիտի պահանջէ իմ դէմս փոխվրէժի ճակատում մը»:
Դարչինեանի տուած մամլոյ ասուլիսին ներկայ էր նաեւ անոր մարզիչը` Վազգէն Պատալեան:
«Բնականաբար, իւրաքանչիւր մարզիչի համար մեծ ուրախութիւն է իր մարզած մարզիկին ձեռք ձգած յաջողութիւնը: Անոր արձանագրած այս յաղթանակը կարելի է նկատել կարեւոր, որովհետեւ անոր մրցակիցը աշխարհի ախոյեան է: Այժմ Վիք կը մտադրէ բարձրանալ 4-րդ կարգի մրցումներու եւ հոն եւս հասնիլ յաջողութիւններու», ըսաւ Պատալեան: