ՍԱՄՊՕ. ՎԱՉԻԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պուլկարիոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի սամպոյի 2011-ի ախոյեանութեան Հայաստան տիրացաւ 1 ոսկի եւ 4 արծաթ մետալի:

68 քկ դասակարգին մէջ գերազանց հանդէս եկաւ 2010-ի աշխարհի ախոյեան Վաչիկ Վարդանեան, որ յաղթելով իր բոլոր մրցակիցներուն` հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:

74 քկ դասակարգին մէջ Անդրանիկ Նաղտալեան պարտութիւն կրեց միայն կիսաւարտականին եւ ասոր շնորհիւ տիրացաւ պրոնզ մետալին:

Պրոնզէ մետալի տիրացան նաեւ Ռուզաննա Սարգսեան (48 քկ), Տիգրան Կիրակոսեան (52 քկ) եւ Աշոտ Դանիէլեան (74 քկ):

Share this Article
CATEGORIES