ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹ

17-20 մայիս Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթ:

Այցելութեան ընթացքին նախարար Յակոբեան պիտի մասնակցի Քուէյթի Ազգային վարժարանի 50-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւններուն, ներկայ պիտի ըլլայ վարժարանի 50-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացումին եւ պիտի հանդիպի վարժարանի աշակերտութեան:

Նախարար Յակոբեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ յոբելենական հանդիսութիւններուն մասնակցելու նպատակով Քուէյթ գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES