Րաֆֆի Յովհաննէսեան Կը Պատրաստուի Վերսկսելու Իր Մարզային Այցելութիւններուն

Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան այս շաբաթ պիտի վերսկսի իր մարզային այցելութիւններուն:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան բանբեր Յովսէփ Խուրշուդեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՛նչ օրակարգ մշակած է Րաֆֆի Յովհաննէսեան այս շաբթուան համար, մասնաւորաբար, ի՛նչ ուղղութեամբ պիտի ընթանան մարզային հանդիպումները եւ ան ի՛նչ պիտի ըսէ ժողովուրդին: Ըստ Խուրշուդեանի, յստակը միայն այն է, որ 19 ապրիլին նախատեսուած է քաղաքացիական ժողով:

Այլընտրանքային կառավարութեան, կամ ինչպէս Յովհաննէսեան ձեւակերպած էր «ժողովուրդի իշխանութեան» անունները չհնչեցին, որուն մասին ընդդիմադիր ղեկավարը կը խօսէր տակաւին 9 ապրիլին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը նախատեսուի՞ այդ մասին խօսիլ քաղաքացիական ժողովին ընթացքին, Յովսէփ Խուրշուդեան յայտնեց, որ ժողովի ընթացքին պիտի ճշգրտուին նաեւ հաւաքական պատասխանատուութեան ձեւաչափերը:

 

Share this Article
CATEGORIES