«Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛աշխատի, Որ Հայաստանին Յատկացուելիք Գումարը Ըստ Կարելւոյն Քիչ Կրճատուի» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ չի կրնար ըսել, թէ ինչո՛վ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի` երկրին 2014 թուականի պիւտճէի նախագիծին մէջ Հայաստանին յատկացուելիք տնտեսական օգնութիւնը մօտ 40 առ հարիւրով կրճատելու առաջարկը:
Պատասխանելով Tert.am-ի հարցումին, թէ այս յայտարարութիւնը կատարելէն ետք ի՞նչ քայլեր պիտի առնուին, Մանոյեան նշեց, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Հայաստանէն ակնկալելու հարց չունի, եւ ինք արդէն կը գործէ, որպէսզի այդ կրճատումը ըստ կարելւոյն քիչ ըլլայ: Ըստ Մանոյեանի, իրենք այնտեղ հանդիպումներ կը կատարեն:
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն, երբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը (օրէնսդիր մարմինը) այդ նախագիծը հաստատէ, ապա ատիկա պիտի ըլլայ 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն ի վեր Հայաստանին տրուած ամէնէն քիչ տնտեսական օգնութիւնը, այն պարագային, երբ նախագահ Օպամա պաշտօնը ստանձնելէն ետք խոստացած էր պահպանել Հայաստանին յատկացուող օգնութեան չափը, բարելաւել երկկողմանի առեւտրական յարաբերութիւնները եւ աւելցնել ներդրումներուն ծաւալը:

