Նալբանդեանի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Լիբանան Կարեւոր Կը Նկատէ Հայաստանի Հետ Փոխադարձ Գործակցութեան Ընդլայնումը» Կ՛ըսէ Դեսպան Մաքարոն

Դեսպան Մաքարոն կը յանձնէ իր հաւատարմագիրները

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպան Ժան Մաքարոնը` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնումին առիթով:

Շնորհաւորելով դեսպանը իր նշանակման առիթով` Էդուարդ Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ դեսպանը իր գործունէութեամբ նպաստէ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական եւ աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման: Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ վերջին տարիներուն երկու երկիրներու նախագահներուն փոխադարձ այցելութիւնները նոր լիցք հաղորդեցին հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններուն, առկայ են նոր ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք կեանքի կը կոչուին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` դեսպան Մաքարոն վստահեցուց, որ իր առաւելագոյն ջանքերը պիտի ներդնէ տարբեր մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը զարգացնելու համար: Ան աւելցուց, որ Լիբանան կարեւոր կը նկատէ բարեկամ Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումը եւ խորացումը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանահայ համայնքի մեծ ներդրումը Լիբանանի զարգացման եւ բարգաւաճման գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, մասնաւորաբար` Սուրիոյ իրադարձութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )