Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչները Կը Խօսին Երեւանի Մէջ Մենիշխանութիւնը Սասանեցնելու Միջոցներուն Մասին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ խօսեցաւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն վերաբերեալ Դաշնակցութեան ծրագիրին մասին, որ կը միտի առանձին-առանձին ստանալ երեւանցիներուն առաւելագոյն քուէները, ստանալ աւագանիի 33 եւ աւելի անդամի քուէ միասնաբար, ապա փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ չորս քաղաքական ուժերուն մէջ կատարել Երեւանի ընդդիմադիր քաղաքապետի ընտրութիւն: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ եթէ մէկ անգամէն կարելի չըլլայ ընտրել ընդդիմադիր քաղաքապետ, ատիկա կարելի պիտի ըլլայ արդէն աւագանիին մէջ` արդէն այդ յետընտրական դաշինքը ունենալով եւ սասանել հանրապետականի մենիշխանութիւնը Երեւանի մէջ: Նշենք, որ Երեւանի 65 հոգինոց աւագանիին մէջ 33 ձայն ստանալու պարագային Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը չի կրնար առանձին որոշել Երեւանի քաղաքապետը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, պատասխանելով Tert.am-ի այն հարցումին, թէ Արմէն Ռուստամեան ի՛նչ նկատի ունէր, երբ ըսաւ «յետընտրական հանգրուանին ունենալ» ընդդիմադիր քաղաքապետ, հաստատեց այս տեղեկութիւնը:

«Սկիզբէն մեր ցանկութիւնն էր, որ ընդդիմութիւնը միասնաբար մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն: Դժբախտաբար ատիկա կարելի չեղաւ, բայց եթէ բոլորը միաւորուէին, թերեւս աւելի վատ պիտի ըլլար, բոլորը հանգիստ պիտի ըլլային, մէկը միւսին յոյսին պիտի մնար եւ ամէն մէկը առանձին-առանձին պիտի չընէին առաւելագոյնը», յայտնեց ան:

Աղուան Վարդանեան աւելցուց, որ հիմա չորս ընդդիմադիր ուժերը կը մասնակցին եւ բնական է, որ իւրաքանչիւրը պիտի ձգտի առաւելագոյն ձայներ ստանալ:

Վարդանեան յայտնեց, որ այս պատկերը կը յիշեցնէ «Չորս հրացանակիրներ»-ու «բոլորը մէկուն, մէկը` բոլորին համար» կարգախօսը, աւելի ճիշդ անոր ձեւափոխուած տարբերակն է` «ամէն մէկը նախ իրեն, ապա` բոլորին համար»:

Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը բոլորին կը յորդորէ եւ կ՛ըսէ, որ պէտք է միաւորուիլ եւ գտնել այն ընդդիմադիր թեկնածուն, որուն բոլորը համաձայն կը գտնուին:

Նշենք, որ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ նոյնինքն Աղուան Վարդանեանի բացատրութիւններէն հետագային պարզ դարձած էր Ժառանգութիւն-ՀՅԴ-Բարգաւաճ Հայաստան ձեւաչափով խորհրդակցութիւններու ժամանակ մէկ միասնական ցուցակի կարելի չէր հասնիլ, որովհետեւ դաշինքի ձգտողները հակընդդէմ առաջարկներ ներկայացուցած էին: Րաֆֆի Յովհաննէսեան առաջարկած էր, որ միասնական ցուցակը գլխաւորէ դաշնակցական Լիլիթ Գալստեան, դաշնակցականները իրենց առաջարկները կատարած էին:

Ինչ կը վերաբերի անոր, որ հիմա, երբ կարգը գայ առանձին-առանձին ընդդիմադիր ձայները ստանալէն ետք ընդդիմադիր թեկնածու որոշելուն, այսինքն` ով որուն համար պէտք է քուէարկէ, ապա Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ հիմա արդէն շատ դիւրին պիտի ըլլայ լուծումներ գտնելը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )