ԵԱՀԿ-ի Նախագահի Յատուկ Ներկայացուցիչը Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անտրէյ Տեշիցա երէկ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի հետ:
Կողմերը քննարկած են հարաւկովկասեան շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը եւ ղարաբաղեան հարցը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ քննարկումներուն ներկայ եղած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Ուքրանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսանտր Միշչենքօ եւ ԵԱՀԿ-ի Պաքուի գրասենեակի ղեկավար Քորայ Թարկայ:
CATEGORIES Հայկական

