Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կատարեցէք օրուան յատուկ ձեր պատրաստած աշխատանքները` առանց տրտունջի եւ ծուլանալու: Վաղուան ոչինչ ձգեցէք: Երեկոյեան ուրախ Ժամեր ունիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դրամական ձեր հաշիւները ստուգեցէք` դրամատուն այցելելով: Այս հանդիպումը նպաստաւոր արդիւնք պիտի տայ: Օրը յարմար է ծրագիրներ մշակելու:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ունիք նոր հրաւէր մը ընկերային իմաստով, օգնելու համար որոշ հարցերու անտեղեակ անձերու: Ձեր օգնութիւնը պիտի գնահատուի: Օրը յաջող է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արդէն կատարած էք որոշ նախաձեռնութիւններ` ձեր սիրած ծրագիրը ապահով ճամբու դնելու: Կրնաք անվախ եւ հաստատակամ շարունակել ձեր գործերը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ասպարէզին յատուկ նորութիւններ պիտի ստեղծէք օրուան յատուկ: Հեռու մնացէք շատախօսներէ, որոնք կրնան ձեր ժամանակը խլել եւ նեղի մատնել ձեզ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ հրաժարիք ձեր այն որոշումէն, զոր պատրաստած էք: Ձեր քով պիտի ունենաք ձեզի օգտակար անձեր, որոնք պիտի օգտուին նաեւ ձեր գիտելիքէն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ չկարենաք ձեր պահանջածը շուտով ձեռք ձգել, մի՛ յուսահատիք: Վաղը նոր արեւ մը կը ծագի` իրեն հետ բերելով նոր բախտեր, նոր շարժում:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Փոքր նուէրով մը շնորհաւորեցէք ձեզի մօտիկ անձ մը: Ան գոհ պիտի մնայ ձեր վերաբերումէն: Ընկերութեան մէջ ձեր վերաբերումը պէտք է ըլլայ փոխադարձ յարգանքով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ արհամարհէք ձեր շուրջը գտնուողները, ժամանակ տրամադրեցէք զանոնք ճանչնալու: Պիտի բացայայտէք նորութիւններ, զորս չէիք ակնկալեր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շարունակեցէք մնալ ձեր որոշումին վրայ: Հետեւեցէք ձեր ներաշխարհին թելադրանքին: Օրը ունի նպաստաւոր պայմաններ եւ շինիչ աւարտ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պտոյտ մը կատարեցէք բնութեան մէջ բարեկամներով: Ձեր շուրջինները պիտի ըլլան հետաքրքրական նորութիւններ բերող: Օգտուեցէք բնութեան բարիքէն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանուկներուն դաստիարակութեան հետեւեցէք: Անոնց հետ վարուեցէք ժպտուն: Անոնց անկարգութիւնները սրբագրեցէք հաճելի եղանակով: Օրը բարի է:

Share this Article
CATEGORIES