Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շեպիպէ` 1-0

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Շեպիպէի վրայ, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ 90-56 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 23-6, 20-17, 23-11 եւ 24-24:

ՀՄԸՄ-էն Հայկ Խաչերեան նշանակեց 11 կէտ:

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 18 ապրիլի երեկոյեան ժամը 20:30-ին` Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ:

Իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի ստանայ «ֆայնըլ-ֆոր»-ին իր տոմսը:

Share this Article
CATEGORIES