Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի  ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 16 ապրիլին:

Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ոչ մէկ ճիգ խնայել` յաղթանակ արձանագրելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ իրերայաջորդ յաղթանակներու շնորհիւ տիրանալ տիտղոսին:

Share this Article
CATEGORIES