Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Ընտրութեան Լոյսին Տակ. Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին` Միջնադարէն Մինչեւ Ներկայ Ժամանակներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Կեդրոնական Իտալիոյ Ասսիզի քաղաքը եւ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան կեդրոն Սան Ֆրանչեսքօ վանքը

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին, տարածուած` աշխարհի չորս ծագերուն, իր անջնջելի դրոշմը դրաւ համաշխարհային պատմութեան, մշակոյթին եւ մտածողութեան վրայ:

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին անսահմանափակ հեղինակութեամբ ուժ եւ տեսակ մը բարոյական պետութիւն դարձաւ, իբրեւ գլուխ ունենալով պապը:

***

Ամբողջ Եւրոպան մեծ ու փոքր թագաւորութիւններու, բազմաթիւ իշխանութիւններու, դքսութիւններու, կոմսութիւններու եւ մարքիզութիւններու բաժնուած էր: Յիշենք ֆրանքները, Մերովինները, Քարոլինեան հարստութիւնը, օսթրգոթերու եւ վիսիգոթերու, Լոմպարտական, Կալիցիոյ, Ասթուրիոյ, Լէոնի, Քասթիլիոյ, Նաւարայի, Արակոնի, Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի թագաւորութիւնները, վիքինկները, նորմանները, Հռոմէական Սրբազան կայսրութիւնը, Փլանթակենեթները Անգլիոյ մէջ, Ֆրանսայի մէջ` Քափեթիական հարստութիւնը եւ անոր ճիւղաւորումներէն` Պուրկունտիի, Վերմանտուայի, Արթուայի, Անժուի, Վալուայի, Պուրպոններու եւ Էվրէոյի տուները: Հիւսիսային Իտալիոյ քաղաք պետութիւնները կազմած էին Լոմպարտական լիկան. կեդրոնական Իտալիոյ մէջ կային Ֆիրենծէն, Փիզան, Լիւքքան, Սիենան, Անքոնան եւ Պապական պետութիւնը, իսկ հարաւային  Իտալիոյ քաղաք պետութիւնները կազմեցին Սիկիլիոյ թագաւորութիւնը:

Խաչակրական արշաւանքներուն զուգահեռ, արաբ նուաճողներուն դէմ սպանական ռեքոնքիսթան (վերանուաճումը), դարաւոր պայքարէ ետք, իր յաղթական աւարտին հասաւ 1492-ին: Իսկ տեւտոնեան ասպետները ԺԳ. դարուն քրիստոնէութիւնը տարածեցին պալթեան ցեղերուն մէջ եւ գերմանացի գիւղացիները զանգուածաբար արեւելեան սլաւոնական հողեր տեղափոխեցին:

***

Միջնադարեան քաղաքները պարսպապատ էին եւ դարպասներով. նաեւ` ջուրով լեցուն խրամներ եւ գետ մը պաշտպանական կարելիութիւններ կը ստեղծէին թշնամիներու յարձակումներուն, աւազակներուն եւ ծովահէններուն դիմադրելու համար: Բնակարանները աւատատէրի դղեակին, եկեղեցիին եւ շուկային շուրջ բոլորուած էին: Քարաշէն, գետնայարկ եւ վերնայարկ, ձեղուններով, սանդուխով եւ բուխերիկով, նեղ պատուհաններով, փայտէ դուռով եւ քանի մը սենեակներէ բաղկացած բնակարանները սեղանով ու աթոռներով կահաւորուած էին, եւ պատէն առկախ կանթեղը` լուսաւորութեան համար: Միայն ազնուականները անկողիններու մէջ կը քնանային: Փողոցները նեղ ու դարձդարձիկ եւ մասամբ քարայատակ էին: Արհեստաւորական դասակարգերը իրենց առանձին թաղամասերը ունէին. կային ատաղձագործներ, դարբիններ, հացագործներ, դերձակներ, կօշկակարներ եւ ջուլհակներ:

Հարաւային Ֆրանսայի Քարքասոն քաղաքին ամրոցը

Գիւղերը, լայնատարած դաշտերու կամ հովիտներու մէջ եւ կամ լեռներու բարձունքներուն եւ անտառներու եզրին, եկեղեցիին շուրջ խմբուած էին: Բնակարանները` փայտէ, յարդախառն կրաշաղախէ եւ չորցուած ցեխէ պատերով, փոքր պատուհաններով եւ ճիւղերով ու ցօղուններով ծածկուած տանիքով, բաղկացած էին մէկ սենեակէ: Գետինը` հող, յարդով ծածկուած. կեդրոնը` կրակարանը, կերակուր եփելու եւ տաքնալու համար: Փայտէ սեղան մը եւ փոքր նստարաններ, եւ քանի մը սնտուկ մթերք պահելու համար: Ոստայնանկի գործիք մը` հագուստ պատրաստելու համար: Կը քնանային գետինը, յարդի վրայ, կենդանիի մորթով ծածկուելով եւ բարձի փոխարէն գլուխնին կոճղի մը վրայ կը դնէին: Ամրան` գիշերը, իսկ ձմեռը` ամբողջ օրը կենդանիները տունը կը պահէին: Կը բուծանէին եզն, կով, այծ, ոչխար, խոզ, ձի, էշ, ջորի եւ հաւ:

Աշնան, այգեկութքէն ետք գինի կը պատրաստէին, եզերուն լծուած արօրով հողը կը հերկէին ու հացահատիկ կը ցանէին: Ձմրան վերջը այգիները կը յօտէին: Գարնան բրիչով հողը կը փորէին եւ բանջարեղէն կը մշակէին: Ամրան մանգաղով ու գերանդիով հացահատիկը կը հնձէին եւ ջորիով կը կամնէին. յետոյ ջաղացք կը տանէին եւ ալիւրը կ՛ամբարէին: Ձմրան սկիզբը քանի մը անասուն կը զենէին եւ միսը աղալով ձմրան պաշար կը պահէին:

Կերակուրը կաթսայի մէջ կ՛եփէին եւ փայտէ ամաններու մէջէն կ՛ուտէին: Խոհանոցը կ՛ընդգրկէր ցորենի, գարիի, հաճարի կամ վարսակի ալիւրէ հաց, բանջարեղէնով (ոլոռն, բակլայ, լուբիա, կաղամբ) պատրաստուած ճաշեր, մսեղէն, ձուկ, սոխ, սխտոր, պղպեղ, ազատքեղ, պանիր, կարագ, մեղր, կաղին, ընկոյզ, նուշ, խնձոր, տանձ, սալոր,  դեղձ, խաղող, վայրի պտուղներ եւ գինի, իսկ շաքարը վարդով եւ մանիշակով կը պատրաստէին:

Կին թէ տղամարդը բուրդէ եւ կտաւէ պատրաստուած հագուստներ եւ երկար կօշիկներ կը հագնէին:

Ազնուականները իրենց տիրոյթներուն տէրն ու տիրականն էին: Անոնք մշակուող հողերուն սեփականատէրն էին, իսկ գիւղացին հողաբաժին օգտագործելու համար բերքին մէկ մասը աւատապետին պիտի տար: Որսաիրաւունքը սոսկալի պատուհաս էր. գիւղացին մահուան սպառնալիքով ոչ միայն չէր համարձակեր նապաստակները, ճագարները, կաքաւները ոչնչացնել, այլ` պէտք է զանոնք պահպանէր, ձգելով որ աւերեն արտերն ու բանջարանոցները եւ հունձքի ժամանակ պարտաւոր էր որսի կենդանիներուն եւ թռչուններուն համար ապաստանարաններ ձգել: Գիւղացին ստիպուած էր հացահատիկը տիրոջ ջրաղացին մէջ աղալու եւ հացը տիրոջ վառարանին մէջ թխելու, անոր համար բաւական մեծ վարձատրութեամբ: Կամուրջէն անցնելու, լաստով գետանցում կատարելու, ջրհոր փորելու եւ անասունները ուրիշ տեղ քշելու համար աւատապետին հաշուոյն առանձին տուրքեր կը վճարուէին:

Եկեղեցին հողեր եւ ագարակներ ունէր եւ ժողովուրդէն տասանորդ կ՛առնէր` հացահատիկ, հաւկիթ եւ անասուն:

Աւատապետներու միջեւ կռիւները, արշաւանքները, անապահովութիւնը, աղքատութիւնն ու թշուառութիւնը համատարած էին: Կեանքը կը սկսէր արեւածագին. արեւամուտին դարպասները կը փակուէին, դուռ ու պատուհան կը գոցուէին եւ գիշերուան մութին ու խաւարին` համատարած վայրենատեսիլ լուռ ամայութիւնը կը թագաւորէր:

Սաստիկ ցուրտն ու ձիւնը, ողողումները, երաշտը եւ յատկապէս համաճարակները աւեր կը գործէին: Անբերք տարիներուն գիւղացիները ամբողջ գիւղերով կը քայքայուէին եւ շրջմոլիկներ ու մուրացկաններ կը դառնային:

***

Միջնադարեան այս միջավայրին մէջ, կեանքէն փախուստը, վանական եւ ճգնակեաց ձեւով ապրիլը եղաւ այդ օրերու տեսլականը: Մարդ պէտք է պատրաստուէր մահուան եւ ոչ թէ կեանքի: Մարմինը թշնամի նկատուեցաւ հոգիին: Եկեղեցին իրեն տեսլական ընտրեց մարմինի տկարացումը` ծոմերով, պահքերով եւ աղօթքներով: Մեծ վարդապետներ իրենց աշակերտներուն կը ներշնչէին ժուժկալութիւն, աղօթքի սէր եւ կեանքի հաճոյքներէն հրաժարում:

Քրիստոնէական կրօնի սկզբունքներուն համա ձայն, բոլոր մարդիկ հաւասար նկատուեցան Աստուծոյ առջեւ: Եկեղեցին եկաւ շեշտելու, որ մարդ արարածը չի պատկանիր պետութեան, այլ միայն Աստուծոյ: Հետեւաբար մարդը ենթակայ չէ բնաւ դասակարգի եւ կամ այս կամ այն իշխանին: Մարդը ազատ է եւ հաւասար իր նմանին, հարուստ ըլլայ թէ աղքատ:

Այս ըմբռնումներով եկեղեցին դպրոցներ բացաւ, ուր կը դասաւանդէին ժողովուրդին համար անհասկնալի լատիներէն լեզուով: Կրթական գործին տէրը կղերականներն էին: Ազատ մտածողութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ, կրօնը մոլեռանդութեան հասնելով դարձաւ թշնամի գիտութեան:

***

ԺԵ.- ԺԶ. դարերը պատմութեան մէջ յեղաշրջող դէպքերով լեցուն եղան: Կրթութեան համար ամէնէն էականը եղաւ տպագրութեան գիւտը գերմանացի Եոհաննէս Կութենպէրկի (1395-1468) կողմէ: Ինչ որ իբրեւ ձեռագիր հազուագիւտ գանձ կը նկատուէր, այնուհետեւ դարձաւ ընդհանուրին մատչելի եւ աժան գիրք. ինչ որ միայն վանքերու, թանգարաններու եւ իշխաններու սեփականութիւնն էր, դարձաւ հանրային:

Վերածնունդը, որ շեշտուեցաւ յատկապէս ԺԶ. դարուն, բերաւ արուեստի, գիտութեան եւ մտածողութեան ազատութիւն: Իրականութեան եւ գեղեցկութեան սէրը թռիչք տուին հոգիներուն եւ շեշտեցին անհատականութեան զարգացումը իւրաքանչիւր անձի մէջ: Ճանչնալ կեանքը, բնութիւնը, աշխարհը, ճանչնալ ինքզինք, իր հոգին. այս էր վերածնունդին տեսլականը:

Քաղաքական կացութիւնն ալ մասամբ բարեփոխուած էր եւ նոր պետութիւններ կազմաւորուած էին: Լատիներէնը գործածութենէ դադրած եւ նոր լեզուներ կազմուած էին, բոլորին համար հասկնալի, ինչպէս ֆրանսերէնը, իտալերէնը եւ սպաներէնը:

Ճամբորդութիւնները յարաբերաբար աւելի ապահով դարձան եւ հնարաւորութիւն տուին ժողովուրդներուն իրարու հետ շփումներ կատարելու, ինչ որ նպաստեց գիտութեան եւ արուեստներու յառաջդիմութեան: Մարդկային միտքը ազատագրուեցաւ կրօնական նախկին շղթաներէն:

***

Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը սկսաւ 1760-ական տարիներուն եւ շարունակուեցաւ յատկապէս 1820-1840-ական տարիներուն: Ամայացած արշաւարաններուն եւ կիսաւեր դղեակներուն վրայ սկսաւ սաւառնիլ ձեռնարկատիրական ոգին: Արդիւնաբերութեան արագ աճը տարաւ դէպի քաղաքներու զարգացումը: Ընկերային ակնառու փոփոխութիւններ եղան եւ քաղաքական յեղաշրջող իրադարձութիւններ կատարուեցան: Գիտութեան եւ ճարտարարուեստի յառաջընթացը շարունակուեցաւ լայն թափով:

Ամէնուրեք արագ համաշխարհայնացման պայմաններուն տակ, հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին, իր մէկ միլիառ 200 միլիոն հետեւորդներով, հարիւր հազարաւոր կրօնաւորներով ու կրօնաւորուհիներով քաղաքական ազդեցութեամբ ու կապերով, տնտեսական ուժով եւ կազմակերպութիւններով ու կառոյցներով, կը մնայ անսահմանափակ ուժ ու հեղինակութիւն:

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին ունի 2,795 թեմ. Վենետիկի, Լիզպոնի, Երուսաղէմի եւ Կոայի ու Տամանի (Հնդկաստան) լատին առաջնորդները պատրիարքի տիտղոս կը կրեն: Հռոմի կապուած Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներէն առանձին պատրիարքներ ունին մարոնի, քաղդէական, հայ կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ եւ ղպտի կաթողիկէ եկեղեցիները:

Մալթայի Ասպետներու Միաբանութիւնը

Մալթայի ասպետները

Սուրբ Յովհաննէս Երուսաղէմցիի հիւրընկալ ասպետներու Ռոտոսի եւ Մալթայի միաբանութիւնը միջնադարուն կազմուած եւ մինչեւ այսօր գոյատեւող ասպետական կարգերէն է:

Սուրբ Յովհաննէս Երուսաղէմցիի հիւրընկալ ասպետներու միաբանութիւնը հիմնուեցաւ 1048-ին, իտալացի Ամալֆի քաղաքէն վաճառականներու կղմէ: Անոր առաջին անդամները իտալացի վանականներ էին, որոնք Երուսաղէմի մէջ եկեղեցի մը եւ վանք մը կառուցեցին քրիստոնեայ ուխտաւորներու եւ հիւանդներու խնամքին համար: Երբ առաջին խաչակիրները 1099-ին Երուսաղէմ մտան, միաբանութիւնը մեծ հեղինակութիւն ստացաւ: Միաբանութիւնը հաստատուեցաւ Փասքալ Բ. պապին կողմէ, 1113 փետրուար 15-ին:

Միաբանութիւնը կրօնական եւ զինուորական նկարագիր ստացաւ եւ ժամանակի ընթացքին հզօր ուժ մը դարձաւ սուրբ վայրերուն մէջ: Միաբանութեան ասպետները վանական ուխտ կը կատարէին` աղքատութիւն, անարատութիւն եւ հնազանդութիւն :

Երբ իսլամներ 1187-ին վերագրաւեցին Երուսաղէմը, միաբանութիւնը փոխադրուեցաւ Մարկաթ, ուրկէ 1197-ին հաստատուեցաւ Աքրա: Երբ խաչակիրներուն իշխանութիւնը վերջ գտաւ 1291-ին, միաբանութիւնը հաստատուեցաւ Կիպրոս, 1309-ին` Ռոտոս կղզի, եւ 1530-ին` Մալթա կղզի: Անիկա տարածուեցաւ դէպի Իտալիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Փորթուգալ, Անգլիա, Աւստրիա եւ Գերմանիա: Միաբանութիւնը ծովային հզօր ուժ դարձաւ եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ օսմանեան նաւատորմին դէմ քրիստոնեայ Սուրբ Լիկային մղած Լեփանթոյի 1571-ի յաղթական նաւամարտին: Նափոլէոն Պոնափարթ 1798-ին գրաւեց Մալթան եւ հոնկէ արտաքսեց միաբանութիւնը: Մալթայի կառավարութեան հետ համաձայնութենէ ետք, միաբանութիւնը 1998-ին վերադարձաւ կղզի:

Մալթայի միաբանութիւնը ներկայիս 13 հազար անդամ, 80 հազար կամաւոր եւ 20 հազար բժշկական ծառայող (բժիշկ, բուժքոյր, օժանդակ) ունի, բոլորն ալ կաթողիկէ, որոնց մէջ կան մեծ թիւով ազնուականներ:

Միաբանութիւնը երեք դասակարգերու բաժնուած է ա) արդարութեան ասպետներ, բ) հնազանդութեան ասպետներ, եւ գ) պարզ անդամներ` առաքինի եւ ջերմեռանդ կիներ եւ պատուաւոր վանականներ:

Միաբանութեան պետը իշխան եւ մեծ վարպետ կը կոչուի եւ կ՛ընտրուի ասպետներու մէջէն ցմահ իշխանութեամբ: Ընտրութիւնը կը հաստատուի պապին կողմէ: Անոր տիտղոսն է` պերճաշուք բարձրութիւն, Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան իշխան եւ մեծ վարպետ, եղբայր, շնորհք Աստուծոյ, խոնարհ վարպետ Երուսաղէմի Սուրբ Յովհաննէս նուիրական հիւանդանոցին եւ զինուորական միաբանութեան Տիրոջ Շիրիմին եւ պահակ Քրիստոսի աշակերտներուն:

Միաբանութեան 79-րդ պետն է եղբայր Մաթէու Ֆեսթինկ. ծնած` 1949-ին, Նորթիւմպըրլէնտ, Անգլիա, ան ընտրուեցաւ 11 մարտ 2008-ին, յաջորդելով եղբայր Էնտրու Պերթիի:

Միաբանութիւնը ունի նաեւ իր խնամակալ կարտինալը, որ կը նշանակուի պապին կողմէ: Ներկայ խնամակալն է կարտինալ-սարկաւագ Փաոլօ Սարտի:

Գլխաւոր խորհուրդը կը գումարուի հինգ տարին անգամ մը եւ գերիշխան խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն կը կատարուի: Գերիշխան խորհուրդի միաբանութեան գործադիր մարմինն է: Գերիշխան խորհուրդի անդամներէն կ՛ընտրուին մեծ հրամանատարը, մեծ դիւանապետը, մեծ հիւրընկալը եւ հասարակաց գանձի պահապանը:

Մալթայի միաբանութեան դրօշակն է` կարմիր, վրան ճերմակ խաչ, որ հաստատուած է 1130-ին, Իննովկենտիոս Բ. պապին կողմէ: Խորհրդանկարն է` ճերմակ խաչ մը` ութ կէտով, որ Մալթա կը կոչուի:

Միաբանութիւնը ունի հիւանդանոցներ, անկելանոցներ, բժշկական կեդրոններ, ուսումնարաններ, հիւանդատար կառքերու ծառայութիւն, կը հասնի պատերազմի աղէտեալներու` աշխարհի չորս ծագերուն եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ կը կատարէ: Ունի նաեւ կամաւոր զինուորական ջոկատներ, որոնք իտալական բանակին մէկ բաժանմունքը կը կազմեն:

Աւանդականօրէն, միաբանութիւնը «լեզու»-ներու կամ վարչական շրջաններու բաժնուած է` Փրովանս, Օվէրն (ֆրանսական շրջաններ), Ֆրանսա, Իտալիա, Արակոն եւ Նաւարա, սպանական Քասթիլա, Լէոն եւ Փորթուգալ, Անգլիա եւ Գերմանիա: Իւրաքանչիւր «լեզուի» պետ փիլիէ կը կոչուի: Ունի նաեւ շրջանային հին միութիւններ` Հռոմ, Լոմպարտիա-Վենետիկ, Նափոլի-Սիկիլիա, Աւստրիա եւ Պոհեմիա – Մորաւիա:

Միաբանութեան կեդրոնը 1834-էն ի վեր Հռոմի մէջ կը գտնուի եւ բաղկացած է երկու շէնքերէ` Փալացցօ Մալթա եւ ԺԳ. դարուն կառուցուած Վիլլա տէլ Փրիորաթօ տի Մալթա, ուր կը գտնուի Սանթա Մարիա տէլ Փրիորաթօ եկեղեցին:

Մալթայի միաբանութիւնը արտաքին եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի բազմաթիւ երկիրներու հետ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )